Լիբանանի հարաւը գտնուող Տիր հնագոյն քաղաքին իսրայէլեան օդուժի հասցուցած հարուածի հետեւանքով զոհուած է առնուազն 7 եւ վիրաւորուած 46 խաղաղ բնակիչ:
Այդ մասին նշուած է Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան Արտակարգ իրավիճակներու կեդրոնի հաղորդագրութեան մէջ:
Նոյեմբերի լոյս 9-ի գիշերը իսրայէլեան օդանաւերը ուժգին ռմբակոծութեան ենթարկած են Տիր քաղաքի կեդրոնը, որու հետեւանքով չորս բազմայարկանի շէնքեր հիմնայատակ եղած են, իսկ քանի մը հատը՝ լրջօրէն վնասուած:
«Թարմացուած տեղեկութիւններով՝ Տիրի ռմբակոծութեան հետեւանքով զոհերուն թիւը հասած է 7-ի, իսկ 46 խաղաղ բնակիչներ ստացած են տարբեր աստիճանի ծանրութեան վնասուածքներ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Արտակարգ իրավիճակներու կեդրոնէն յայտնած են նաեւ, որ փլատակներուն տակէն յայտնաբերուած են զոհերու մարմիններու բազում հատուածներ: Ըստ այդմ՝ անոնց պատկանելութիւնը պարզելու նպատակով պիտի կատարուին համապատասխան փորձաքննութիւններ:
Հարուածներուն վայրը կը շարունակուին որոնողական աշխատանքները՝ անհետ կորածներու մարմինները յայտնաբերելու համար։