image

Իսրայէլ Կազայի կարգ մը շրջաններու մէջ տարհանման հրաման արձակած է

Իսրայէլ Կազայի կարգ մը շրջաններու մէջ տարհանման հրաման արձակած է

Կազայի հատուածի տարբեր շրջաններու վրայ Իսրայէլի օդային ու հրետանային հարուածներու հետեւանքով մայիս 30-ի լուսաբացէն ի վեր սպաննուած է 13 պաղեստինցի, այսպիսով, վերջին 24 ժամերուն զոհերու թիւը անցած է 70-ը։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ պաղեստինեան WAFA գործակալութիւնը։

Իսրայէլի թիրախ դարձած են Կազայի հիւսիսը գտնուող Ճապալիա ալ-Նազլա բնակավայրը, ինչպէս նաեւ Խան Եունիս ու Ռաֆահ քաղաքները։

Արեւմտեան ափի շարք մը քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ իսրայէլեան ուժերը ձերբակալութիւններ կը կատարեն։

Միւս կողմէ, Իսրայէլը նոր տարհանման հրաման արձակած է Հիւսիսային Կազայի Ճապալիա ալ-Պալատ եւ ալ-Աթաթրա շրջաններու, ինչպէս նաեւ Կազա քաղաքի Շուճայեա, ալ-Տարաճ եւ ալ-Զէյթուն թաղամասերու համար։

Տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Կազայի շրջանի շուրջ 2,4 միլիոն բնակչութենէն մօտ 1,5 միլիոնը անօթեւան դարձած է պատերազմի ընթացքին իրենց տուները կորսնցնելու հետեւանքով։

Իր հերթին, Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պէն-Կվիրը յայտարարած է, թէ անհրաժեշտ է ներխուժել Կազա եւ ոչնչացնել «Համաս»-ը։

«Ժամանակն է ամբողջ ուժով մուտք գործել Կազա՝ «Համաս»-ը ոչնչացնելու եւ պարտութեան մատնելու համար»,– ըսած է ան։

2023 թուականի հոկտեմբեր 7-էն սկսեաք ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով Կազայի շրջանին մէջ զոհերու թիւը հասած է 54.249-ի, վիրաւորուած է 123.492 մարդ։

Իսրայէլը Կազայի շրջանին մէջ ռազմական գործողութիւններ սկսած էր ի պատասխան պաղեստինեան «Համաս» շարժման զինեալներու ներխուժումին, որուն հետեւանքով զոհուած էր մօտ 1.200 մարդ, իսկ շուրջ 250 հոգի գերեվարուած էր։