image

Իսրայէլ սպառնացած է հարուածել Իրանի ուժանիւթային կառոյցները

Իսրայէլ սպառնացած է հարուածել Իրանի ուժանիւթային կառոյցները

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարած է, որ Թեհրանի կողմէ հարուածի պարագային իր երկիրը պիտի թիրախաւորէ Իրանի բոլոր ենթակառուցուածքները, ներառեալ՝ ուժանիւթային կառոյցները։ Այս մասին կը հաղորդէ The Times of Israel-ը։

«Մենք նշաններ կը տեսնենք, որ այն հզօր տնտեսական ճնշումը, որուն տակ կը գտնուի Իրանը, ինչպէս նաեւ ապստամբութեան եւ վարչակարգի փլուզման վախը, կրնան զանոնք մղել յուսահատ միջոցներու»,– պնդած է Քացը՝ հրէական Նոր տարուան առիթով Պաշտպանութեան նախարարութեան աշխատակիցներուն հետ հանդիպման ժամանակ։

Խօսելով այն մասին, որ Իրանը կրնայ հարուած հասցնել Իսրայէլին՝ նախարարը սպառնացած է խիստ պատասխան միջոցներով։

«Իրանի յարձակումը Իսրայէլի վրայ մեզ պիտի ազատէ բոլոր սահմանափակումներէն։ Մենք պիտի հարուածենք բոլոր ենթակառուցուածքները, ներառեալ՝ ուժանիւթային ենթակառուցուածքը, եւ Իրանը պիտի վերադարձնենք քարէ դար ու խաւար»,– ըսած է ան։

Քաց աւելցուցած է, որ Իսրայէլ պատրաստ պիտի ըլլայ որեւէ զարցման՝ թէ՛ պաշտպանութեան, թէ՛ յարձակման առումով։