image

Պոլիս. Պիտի մեկնարկէ արեւմտահայերէն դասընթացքներու նոր շրջանը

Պոլիս. Պիտի  մեկնարկէ արեւմտահայերէն դասընթացքներու նոր շրջանը

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի կազ­մա­կեր­պութեամբ ըն­թա­ցող արեւմտա­հայե­րէնի դա­սըն­թացքնե­րու առ­ցանց լսա­րանի առա­ջին շրջա­նը կը մեկ­նարկէ 21 Սեպ­տեմբեր 2026-ին եւ կ՚աւար­տի 25 Յու­նո­ւար 2027-ին։

Երկրորդ շրջա­նին հա­մար ծրագ­րուած է 15 Փետ­րո­ւար 2027 եւ 21 Յու­նիս 2027 թո­ւական­նե­րը։ Իւ­րա­քան­չիւր շրջա­նը կը բաղ­կա­նայ 72 դա­սաժա­մերէ եւ կը տե­ւէ 18 շա­բաթ։ Դա­սըն­թացքնե­րը կը վա­րեն վաս­տա­կաւոր ու­սուցչու­հի­ներ՝ Շու­շան Էօզօղ­լու եւ Թա­մար Ման­կա­սար։

Պար­տինք յի­շեց­նել թէ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի արեւմտա­հայե­րէնի դա­սըն­թացքնե­րը ար­դէն իսկ փաս­տած են իրենց ուսման բարձր մա­կար­դա­կը, մինչ օրս տա­լով բազ­մա­թիւ շրջա­նաւարտներ, որոնք հա­յերէն լե­զուի ու գրա­կանու­թեան մա­սին իրենց գի­տելիք­նե­րը կու­տա­կած են այս դա­սըն­թացքնե­րու մի­ջոցաւ։

Դա­սըն­թացքնե­րու մաս­նակցու­թեան հա­մար դի­մելու վեր­ջին թո­ւականն է 17 Սեպտեմբերը։