Իսրայէլի անվտանգութեան գրասենեակը միաձայն հաստատած է Կազայի հատուածին մէջ ռազմական յարձակումը ընդլայնելու ծրագիրը։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին գրած է The Times of Israel-ը՝ վկայակոչելով իսրայէլցի պաշտօնեայ, որու անունը չէ նշուած։
Նախատեսուած է, որ ծրագիրը պիտի իրականացուի միայն տարածաշրջան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այցէն ետք, որ նախատեսուած է յաջորդ շաբաթ։ Իսկ մինչ այդ ջանքեր պիտի գործադրուին պաղեստինեան «Համաս» շարժման հետ հրադադարի եւ պատանդներու վերաբերեալ համաձայնութեան հասնելու նպատակով։
Բացի այդ, պաշտօնեայի խօսքով՝ անվտանգութեան գրասենեակը հաստատած է Կազա օգնութեան մատակարարումները վերսկսելու ծրագիրը՝ միաժամանակ վերանայելով մեխանիզմը, որպէսզի օգնութիւնը հնարաւորինս չչարաշահուի «Համաս»-ի կողմէ։ Ծրագրին դէմ քուէարկած է միայն Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիրը։