Արաբական լրասփիւռներ տեղեկութիւն կը հաղորդեն, որ իսրայէլեան կործանիչներ հարուածներ հասցուցած են Սուրիոյ:
Կը նշուի մասնաւորապէս, որ իսրայէլեան կործանիչներ հարուածած են մայրաքաղաք Դամասկոսի եւ Հալէպի օդակայանները:
Աւելի ուշ յստակ դարձաւ նաեւ, որ Հալէպի օդակայանը կրած վնասներուն հետեւանքով դադրած է գործելէ:
Նշենք, որ վերջին ամիսներուն Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ դէմ եղած օդային հարուածները դարձած են յաճախակի:
Միւս կողմէ սուրիական լրատուական գործակալութիւններ կը հաղորդեն, որ Սուրիոյ հակաօդային պաշտպանական համարկարգերը կրակ բացած են եւ փորձած են չէզոքացնել հրթիռները: