image

Իսրայէլ հարուածած է սուրիական Թարթուսը

Իսրայէլ հարուածած է սուրիական Թարթուսը

14 Օգոստոսի երեկոյեան իսրայէլեան բանակը հարուածներ հասցուցած է Դամասկոսէն հիւսիս-արեւմուտք գտնուող Թարթուս նաւահանգստային քաղաքի մօտակայքը գտնուող թիրախներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հետ սահմանին գտնուող Քալամուն լեռնաշղթայի տարածքին: Զօրաւոր պայթումներ լսուած են: Այս մասին կը հաղորդեն սուրիական լրատուամիջոցները։

SANA գործակալութիւնը յայտնած է, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը ետ մղած են օդային յարձակումը։

Թարթուսի մէջ տեղակայուած է Ռուսիոյ ռազմածովային նաւատորմի 720-րդ զինուորական կեդրոնը, ինչպէս նաեւ ռուսական ռազմածովային նաւերու մշտական ​​ներկայութեան վայր է, յայտնած են իսրայէլեան լրատուամիջոցները:

«Մարդու իրաւունքներու սուրիական  մոնիթորինկի կեդրոնի» տուեալներով՝ թիրախը եղած է սուրիական ռազմակայանը, ուր տեղակայուած են իրանամէտ զինուած խմբաւորումները, կան քանի մը զոհեր եւ վիրաւորներ։ Կը հաղորդուի նաեւ, որ այս ռազմակայանի տարածքին տեղակայուած եղած են հակաօդային պաշտպանութեան մարտկոցներ եւ ռատար։

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի մամուլի ծառայութիւնը չի մեկնաբաներ արտասահմանեան լրատուամիջոցներու հաղորդագրութիւնները։