Իսրայէլեան կործանիչներ հարուածներ տուած են Սուրիոյ Հոմս քաղաքին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ «Ալ Մայատին» կայանէն։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Իսրայէլ թիրախ դարձուցած է Հոմսի մէջ գտնուող ռազմական մի քանի կէտեր։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ սուրիական ՀՕՊ-եր դիմադարձած են հարուածներուն եւ կարողացած են խոցել մի քանի հրթիռներ։
Տոյժերու մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կը հաղորդուի։
Նշենք, որ անցնող շաբաթ Իսրայէլ հարուածներ տուած էր մայրաքաղաք Դամասկոսին, իսկ անկէ առաջ ալ Հալէպի օդակայանին եւ անոր շրջակայքին։