Սուրիա- («Ալ Հայաթ» - Լոնտոն)ISIS Ահաբեկչկական խմբաւորումը երէկ կախաղան հանած է Փալմիրա շրջանի աւերակներու խորհուրդի նախկին նախագահը: Խալէտ Ալ Ասհատ, որ 82 տարեկան էր 1963-2003 թուականներուն եղած է շրջանի աւերակներու խորհուրդի նախագահը: Այս մասին «Ալ Հայաթ»ին խօսած է Սուրիոյ աւերակներու պետական խորհուրդի նախագահ Մամուն Ապտըլ Քարիմ , որ նաեւ ըսած է, թէ գլխատուած գիտնականը Սուրրիոյ մէջ ամէնէն յայտնի եւ պատրաստուած հնագէտներէն մին էր եւ ան կը հասկնար ու կը խօսէր Փալմիարայի լեզուն: Թերթը նաեւ գրած է, թէ ISIS Ահմատի դիակը կախած է Բալմիրայի աւերակներու շրջանին մէջ մինչ անոր մարմնէն բաժնուած գանկը դրուած է գետնին: Նշենք, որ անցնող Մայիսէն ի վեր Փալմիրա շրջանը անցած էր ISIS-ի տիրապետութեան տակ: