Իսրայէլի մէջ Իրանի հրթիռային յարձակումներու երեք օրուան ընթացքին զոհուած է 24 մարդ, մօտ 600-ը՝ վիրաւորուած, ըսուած է կառավարութեան մամուլի ծառայութեան պաշտօնական յայտարարութեան մէջ։
«24 զոհ, 592 վիրաւոր, որմէ 10-ն՝ ծանր վիճակի մէջ, 36-ը՝ միջին ծանրութեան, իսկ 546-ը՝ թեթեւ վնասուածքներով», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Մամուլի ծառայութեան տուեալներով՝ Իսրայէլի մէջ գրանցուած է իրանեան հրթիռներու անկման 30 վայր, իսկ Իրանէն Իսրայէլի ուղղութեամբ երեք օրուան ընթացքին արձակուած հրթիռներու ընդհանուր թիւը կը գնահատուի 370։