Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի պատմութեան մէջ կարեւոր օր մը դարձաւ Կիրակի 7 Յունիս 2025 թուականը, երբ Արեւմտեան Թեմը հանդիսաւոր կերպով իր յարգանքը մատուցեց արժանընտիր իր Առաջնորդին՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանին, վաստակաշատ ու նուիրեալ հոգեւորականի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 45-ամեակին առիթով: Արդարեւ, Հոգեգալստեան տօնին ու քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման յոբելինական տարեդարձին առթիւ, զանգերու ղօղանջներուն ներքեւ առաջնորդական թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճար, ուր Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մատուցեց Սուրբ եւ անմահ Պատարագը։ Սուրբ Խորանին վրայ Սրբազան Հօր կողքին առընթերակայ հոգեւորականներն էին Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեան եւ Օգնական Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Նժդեհ Քահանայ Քէշիշեան, իսկ Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեցին Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Արթիւր Սրկ. Վարդանեանի համատեղութեամբ՝ Մայր Տաճարի «Խաչատուրեան» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ՝ Ստեփան Սրկ․ Գոզումեանին։
Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցան Թեմական Խորհուրդի Ատենպետ՝ Տիար Տէրիք Ղուկասեան, Գերաշնորհ Տէր Մուշեղ Արք․ Մարտիրոսեան, Գերաշնորհ Տէր Գեղամ Արք․ Խաչերեան, Հ․Բ․Ը․Միութեան Արեւմտեան շրջանի Ատենապետ՝ Տէր եւ Տիկին Գեւորգ Զօրեան, ինչպէս նաեւ Հ․Բ․Ը․Միութեան Ատենապետներ, Ս․Դ․Հ․Կ․ Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիար Միհրան Խաչատուրեան։
Իր պատգամին իբրեւ բնաբան Առաջնորդ Սրբազանը ընտրած էր Եսայի Մարգարէին այն խօսքը, որ կ՛ըսէ․-«Տիրոջ Հոգին հովանի է ինձ, որովհետեւ Ինք օծեց զիս» (Ես։ 61.1): Սրբազանը ընդհանուր գիծերով պարզելէ ետք ծառայութեան իմաստը քրիստոնէական տեսանկիւնէն դիտուած, Մարգարէին աղօթաբոյր բառերուն մէջ խտացեալ տեսաւ 45 տարիներու քահանայական իր կեանքի ոգին ու ծառայութեամբ իմաստաւորուած հոգեւոր ճանապարհորդութիւնը։ «45 տարիներ առաջ այս նոյն օրը՝ Կիրակի 8 Յունիսին, 1980 թուականին, Սուրբ էջմիածնի Տօնին, Լուսաւորչահաստատ Սուրբ Խորանին վրայ ձեռամբ հոգելոյս Տէր Վազգէն Ա․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում շնորհուեցաւ նուաստիս, կեանքս ընծայաբերելով Աստուծոյ եւ իմ փառաւոր ժողվուրդին», յիշեց Սրբազանը, աւելցնելով, որ քառասունհինգ տարիներ շարունակ Տիրոջը հոգիով առաջնորդուեցան հոգեւոր սպասաւորութեան իր քայլերը, անսահման սիրով քարոզելու Քրիստոսի Աւետարանի յաւիտենական խօսքը, հայրական գուրգուրանքով մխիթարելու իրեն վստահուած հաւատաւոր ժողովուրդի զաւակները, բոլոր այն վայրերուն մէջ, ուր Տիրոջ ու ազգի ծառայութեան կանչին անսալով առաքելութեան կոչուեցաւ։ Հաւատացեալ բազմութեան ուղղելով իր խօսքը Սրբազան Հայրը ըսաւ․-«Դուք, անխտիր բոլորդ, այսօր եւ անցեալ 45 տարիներու ընթացքին դարձաք իմ ընտանիքը՝ Աստուծոյ կողմէ վստահուած իմ հոգեւոր զաւակները։ Իմ սիրոյ մէջ առի բոլորը։ Սէր՝ Աստուծոյ կողմէ ինձ շնորհուած՝ որը բաշխելով աւելցաւ իմ մէջ, եւ հետեւաբար, իմ հոգեւոր ծառայութեան ընթացքին իմ ապրումներու, մտածումներու, խոկումներու ու տեսիլքներու կեդրոնական առանցքն ու նպատակը դուք դարձաք»։ Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը երախտապարտ սիրով, նորովի աղօթք բարձրացուց առ Աստուծոյ իրեն շնորհած հոգեւոր ճանապարհին ու բազում պարգեւներուն համար, որոնցմէ ամենէն թանկագինը ժողովուրդը համարեց։ Սրբազան Հայրը խոնարհաբար անդրադարձաւ այն կարեւոր հանգամանքին, որ իր հոգեւոր կեանքի հարստութիւնը դարձան անթիւ հաւատացեալներ, սկսած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն, Լոնտոնէն, Գանատահայոց Թեմական կեանքէն ու Արեւմտեան Թեմէն, որոնց հետ եղաւ աղօթակից զանազան ուրախ եւ տխուր առիթներով։ Անդրադառնալով քահանայական սուրբ կարգին ու կոչումին, Սրբազանը ըսաւ, որ հոգեւորականը իր ողջ կեանքը Քրիստոսի կեանքին պատկերն ու նմանութիւնը պէտք է դարձնէ։ «Հոգեւորականը ծառան է Աստուծոյ ու ժողովուրդին, որ մշտապէս իր մէջ պիտի կրէ Աստուծոյ կենդանարար ներկայութիւնը, եւ իր կեանքի օրինակով պիտի հետեւի Քրիստոսի, որ ծունկի քալով Իր աշակերտներուն առջեւ խոնարհութեան ու սիրոյ մեծագոյն դասը տուաւ բոլորին, եւ Իր յարութեամբ՝ աշխարհին պարգեւեց մարդկութեան հոգեւոր կեանքը յեղաշրջող հրաշքը» շեշտեց յոբելեար Առաջնորդը։
Սրբազանը իր քարոզը աւարտեց հետեւեալ բառերով․-«Արթուն մնանք, միասին նորոգուինք հոգեւորապէս, հաւատքով ու ծառայութեամբ հրաշագործենք մեր կեանքն Աստուածատուր, որպէսզի մեր մէջ ու մեր ընտանիքներուն մէջ ծնի ապրող եկեղեցին, յառաջընթաց եկեղեցին, պատգամող եկեղեցին, Սուրբ Էջմիածնի խորհուրդով ճառագայթող եկեղեցին, որովհետեւ նորոգեալ քահանայութեամբ եւ Մայրենի մեր Սուրբ Եկեղեցիով մեր կեանքին նաւը կ՛առաջնորդենք հորիզոններէն անդին մեզ սպասող Աստուծոյ կողմէ մեզի խոստացուած նաւահանգիստը խաղաղութեան»։
Պատարագէն ետք, Առաջնորդարանի շրջափակին մէջ համախմբուած բազմութեան ներկայութեան խօսք արտասանեց Թեմկանի ատենապետ Տիար Տերիք Ղուկասեանը, որ լուսարձակի տակ առնելով Սրբազան Հօր 45-ամեայ ծառայութեան կարեւորութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ, ժողովուրդին ու Ամերիկահայութեան, ըսաւ, որ հոգեւոր իր ծառայութեան ընդմէջէն Առաջնորդ Սրբազանը միշտ ջանացած է արդիւնաւորել Աւետարանի կենարար խօսքի քարոզութիւնը եւ Արեւմտեան Թեմի խնամքին ներքոյ գտնուող հայորդաց հոգեւոր հոգածութիւնը` վայելելով պետական կառոյցներու, ժողովականութեան, հոգեւոր դասի ու հաւատացեալներու սէրն ու յարգանքը։ Ան նշեց, որ Սրբազան Հօր առաքելութեան ծաւալուն աշխատանքին արդիւնքով նոր հորիզոններ բացուած են այսօր Արեւմտեան Թեմին առջեւ` պայծառացնելու հայահոծ Թեմի հոգեւոր կեանքը եւ հզօրացնելու կրթական, դաստիարակչական, երիտասարդական ու բազմաթիւ այլ կառոյցներու աշխատանքները, միաժամանակ զարկ տալով շինարարական բազմաթիւ ծրագիրներու, քահանայից թեկնածուներու հոգեմտաւոր պատրաստութեան ու հոգեւորականաց դասու համալսարանական բարձրագոյն ուսման, ինչպէս նաեւ Թեմական մակարդակով հովանաւորուղ նորարական երկարաժամկէտ նախաձեռնութիւններուն, ընդգծելով վաստակաշատ ու անխոնջ Առաջնորդի անուրանալի ու կեդրոնական դերակատարութիւնը Ամերիկայի արեւմտեան ափի ամերիկահայութեան կեանքի վերածաղկումի ու վերակազմակերպման առաքելութեան մէջ: Ան հաստատեց, որ շնորհիւ Սրբազան Հօր ջանքերուն ու բոլորի հաւաքական կամքին ու ծառայութեան, Արեւմտեան Թեմէն ներս պահպանուած ու ամրացուած են մեր ազգային ինքնութիւնը, մշակութային արժէքները, եւ խրախուսուած՝ ազգապահպանութեան ծրագիրները։
Աւարտին, ներկաները իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնեցին Սրբազան Հօր, անոր մաղթելով քաջառողջութիւն եւ ընդ երկար ծաղկուն առաքելութիւն։
Դիւան Առաջնորդարանի
11 Յունիս 2025