image

Պէյրութ. Պսալիմ-Մըզհէր-Մաժզուպ նորընտիր քաղաքապետական խորհուրդի այցը՝ ՀՅԴ կեդրոնատեղի

Պէյրութ. Պսալիմ-Մըզհէր-Մաժզուպ  նորընտիր քաղաքապետական խորհուրդի այցը՝ ՀՅԴ կեդրոնատեղի

Օրերս, Պէյրութի ՀՅ Դաշնակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունելութիւն կատարուած է Պսալիմ-Մըզհեր-Մաժզուպ շրջանի նորընտիր քաղաքապետական խորհուրդին՝ գլխաւորութեամբ քաղաքապետ Ժորժ Սմաանիի եւ փոխքաղաքապետ Խորէն Լուսարարեանի։

 

Քաղաքապետական խորհուրդի անդամները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են ՀՅ Դաշնակցութեան՝ անոնց ցուցաբերած նեցուկին, ինչպէս նաեւ շրջանի հայութեան՝ քուէարկութեան ընթացքին արտայայտած վստահութեան համար։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։

Ստորեւ՝ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ։

Հինգշաբթի, 29 մայիս 2025-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան եւ ընտրական-քաղաքական մարմինի անդամ, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին պատուիրակութիւնը Պսալիմ-Մըզհեր-Մաժզուպի նորընտիր քաղաքապետական խորհուրդին` գլխաւորութեամբ քաղաքապետ Ժորժ Սմաանի եւ փոխքաղաքապետ Խորէն Լուսարարեանի. անոնց կ՛ընկերակցէր վերընտրուած թաղապետ Աւետիս Քէօրքիւնեան:

Տեղական ինքնակառավարման մարմինի անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին ՀՅ Դաշնակցութեան զօրակցութեան եւ շրջանի հայութեան շնորհած վստահութեան համար:

Պալապանեան անոնց նկատել տուաւ, որ այդ վստահութիւնը պարտաւորեցնող է այն իմաստով, որ քաղաքապետական խորհուրդը պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնէ ծառայելու շրջանին, բնակչութեան պահանջներուն եւ բարգաւաճման կարիքներուն: Ան յաջողութիւն մաղթեց` յոյս յայտնելով, որ ոչ միայն այդ շրջանը, այլ ամբողջ երկիրը յառաջ կ՛ընթանայ անցած տարիներու իրերայաջորդ տագնապներէն դուրս գալու եւ վերականգնելու ուղղութեամբ: