image

Հալէպ. ՀՄԸՄ-ի նուիրեալներէն ՝ Խորէն Գույումճեանի կորուստը

Հալէպ. ՀՄԸՄ-ի նուիրեալներէն ՝ Խորէն Գույումճեանի կորուստը
Նուիրեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ական, «Ծառայութեան» շքանշանակիր՝ եղբ. Խորէն Գույումճեան իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանի մէջ: 

Տխուր լուրը «Արեւելք» ստացաւ Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ ներկայացուած հակիրճ մահագրութիւնը՝

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ միութեան «Ծառայութեան» շքանշանակիր եւ հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական` ԵՂԲ. ԽՈՐԷն ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ-ի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 5 Յունիս 2025-ին, Լիբանանի մէջ։

Եղբ. Խորէն Գույումճեան եղած է սկաուտ, մարզիկ, Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ եւ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ։

Իր երկարամեայ ծառայութեան համար Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը զինք պարգեւատրած է «Ծառայութեան» շքանշանով։

Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հաւատաւոր եղբօր ընտանիքին եւ հարազատներուն:

Յիշատակը անթառամ կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ական սերունդներուն մէջ: