image

Իշխանական նուիրատւութիւն մը եւս. 2 միլիոն տոլար Իսթանպուլեան ընտանիքէն՝ Օրէնճ Քաունթիի համայնքին

Իշխանական նուիրատւութիւն մը եւս. 2 միլիոն տոլար Իսթանպուլեան ընտանիքէն՝ Օրէնճ Քաունթիի համայնքին

Համայնքի նուիրեալ ազգայինները, առաջնորդութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Թորոգոմ արք. Տոնոյեանին կը շարունակեն օժանդակութիւններ ցոյց տալ, ոչ միայն Արեւմտեան Թեմին, այլ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի շարք մը գաղութներուն, որոնք մասնաւորաբար այս ժամանակներուն կ՚անցնին դժուարին պայմաններէ։

Ի դէպ վերջին օրերուն համայնքին մէջ տարբեր առիթներով բարերարութիւն իրականացուցած Իսթամպուլեանները պատեհ համարած են իշխանական նուիրատւութիւն մը կատարել Օրէնճ Քաունթի շրջանի ծուխին եւ համայնքին։

 

Հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններուն Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը կը շարունակէ բարգաւաճման իր ընթացքը։ 

Համայնքի նուիրեալ ազգայինները, առաջնորդութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Թորոգոմ արք. Տոնոյեանին կը շարունակեն օժանդակութիւններ ցոյց տալ, ոչ միայն Արեւմտեան Թեմին, այլ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի շարք մը գաղութներուն, որոնք մասնաւորաբար այս ժամանակներուն կ՚անցնին դժուարին պայմաններէ։

Ի դէպ վերջին օրերուն համայնքին մէջ տարբեր առիթներով բարերարութիւն իրականացուցած Իսթամպուլեանները պատեհ համարած են իշխանական նուիրատւութիւն մը կատարել Օրէնճ Քաունթի շրջանի ծուխին եւ համայնքին։

Այդ առթիւ ալ Առաջնորդարանը հրապարակած է հակիրճ տեղեկանք մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Երեքշաբթի, 8 Փետրուար 2022-ի յիտմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց Տէր եւ Տիկին Արիս եւ Անժելա Իսթամպոլեանները, որոնք հոգեկան անսահման ուրախութեամբ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին՝ ընդհանրապէս Արեւմտեան Թեմին եւ մասնաւորաբար Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական համայնքին, եւ Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան նախակրթարանը միջնակարգի մակարդակի բարձրացնելու նպատակին՝ ի յիշատակ իրենց ծնողաց Ոսկան եւ Էլիզ Իսթամպոլեաններու նուիրեցին երկու միլիոն տոլար ($2,000,000): 

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Իսթամպոլեան ամոլին ցուցաբերած ազգային կեցուածքը, որով հայ ազգի յաւերժութեան պահպանման նպաստող ազնիւ մտածում մը կը կոչուի կեանքի, միաժամանակ դիտել տալով, որ Ազգ. Առաջնորդարանի ներկայութիւնը Արեւմտեան Ամերիկայի կեանքէն ներս, առաւել եւս կ՛իմաստաւորուի՝ Ազգ. վարժարաններու ճամբով կատարուած ծառայութիւններու եւ կրթական ծրագիրներու իրագործմամբ: 

«Յուրախութիւն բոլորիս, Ազգ. Առաջնորդարանը, Սփիւռքի տարուան առիթով, ահա՛ Օրէնճ Քաունթիի մէջ նոր ձեռքբերում մը կ՛արձանագրէ: Մենք կը հաւատանք, որ, եկեղեցւոյ կողքին, հայ դպրոցը մեր կեանքէն ներս եզակի դերակատարութիւն մը ունի եւ կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի գոյութեան կարեւոր կռուաններէն մէկը», հաստատեց Թորգոմ Եպս.: 

Կարեւոր այս հանդիպման Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին էին Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան, փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Յովհաննէսեան, ատենադպիր եւ Խնամակալ մարմինի հետ կապ՝ Տիար Ճորճ Չորպաճեան, գանձապահ՝ Տիար Գալուստ Ակոբեան, Խնամակալ մարմինի ատենապետ Տիար Սարգիս Ուրֆալեան, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ եւ Խնամակալ մարմինի անդամ ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Մանօ Տիշոյեան, Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի տնօրէնուհի Տիկին Անի Շահինեան Սարգիսեան եւ Ուսումնական մարմինի անդամ եւ Հոգաբարձութեան հետ կապ՝ Տիար Արա Մալաքեան: