image

Իրավիճակը լարուած է. Փութին անդրադարձած է մեր սահմանի վիճակին

Իրավիճակը լարուած է. Փութին  անդրադարձած է  մեր սահմանի վիճակին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակի սրման կապակցութեամբ, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»ն։

«Մեզ բոլորս կ՛անհանգստացնէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ իրավիճակի սրումը: Մենք այդ մասին խօսած ենք: Երէկ խօսեցայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ. ես ձեզ այդ մասին տեղեկացուցած եմ: Լաւ է, որ համակարգուած ջանքերով կարելի եղաւ սրացումը դադրեցնել, բայց, ինչպէս կը հասկնամ, իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած: Ուրախ եմ, այդ հանդիպումին համար, որ առիթ է խօսելու այդ բոլոր հարցերուն մասին», ըսաւ Փութին։

Իլհամ Ալիեւ ըսած է, թէ Երեւան եւ Պաքու լայնածաւալ սրացման մտադրութիւն չեն ունեցած: «Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի՝ սահմանային սրացման արձագանգելնուդ համար: Բախումները տեւեցին ութ ժամէն ալ քիչ, անոնք դադրեցուեցան, թէեւ հայկական կողմը սկիզբը չէր պահպաներ զինադադարը, բայց ընդհանուր առմամբ շուրջ երկու օրէ ի վեր` անիկա կը պահպանուի: Այս կը վկայէ, որ ո՛չ Հայաստան ոչ ալ Ատրպէյճան լայնածաւալ սրացման մտադրութիւն ունեցած են: Դժբախտաբար, սահմանային հակամարտութիւններ տեղի կ՛ունենան: Անոնք երկու կողմէն ալ բազմաթիւ զոհեր կը պատճառեն: Բայց կարեւորը այն է, որ մենք յաջողեցանք կայունացնել իրավիճակը եւ զայն տեղափոխել խաղաղ հունին»: