Իրաքի Առաջնորդը այցելեց Զախո
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Իրաքի Թեմի նորընտիր Առաջնորդ Հոգշ. Տ. Օշական ծ.վրդ Կիւլկիւլեան օրերս առաջին անգամ ըլլալով այցելութիւն տուած է Իրաքեան Քիւրտիստանի հայկական համայնքին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Զախոյէն։
Մեր աղբիւրը յայտնեց, որ Տ. Օշական վրդ. Մասնաւորապէս այցելած է Զախոյի մէջ նոր կառուցող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցական համալիր տեղւոյն վրայ ծանօթանալով շինարարական աշխատանքներու ընդհանուր ընթացքին։
Աւելի ուշ Հայր Սուրբը մասնակից եղած է երեկոյեան ժամերգութեան արարողութեան եւ ծանօթացած համայնքի անդամներուն, թաղական խորհուրդին ու ապա եղած է մասնակից այս առթիւ սարքուած սիրոյ սեղանին։