«Հաշըտ Շահպի» վարչութեան ղեկավար Ֆալէհ Ֆայյատ հաստատած է, որ «միասնական կամքը մեզի հնարաւորութիւն պիտի տայ յաջողութիւններու հասնելու բոլոր ոլորտներու մէջ»։
ՏԱՀԷՇ-ի դէմ տարած յաղթանակի չորրորդ տարեդարձին առիթով իր ելոյթին մէջ Ֆայյատ ըսած է. «Մեր ուժերը, որոնք ուս-ուսի կռուած են ՏԱՀԷՇ-ի հետ, յաղթած են այս կազմակերպութեան»։
Ան մատնանշեց, որ «վարչութիւնը կրցաւ իրական համակեցութեան օրինակ գծել», նշելով, որ ««Հաշըտ Շահպի»ի փորձառութիւնը կը ներկայացնէ ազգի փրկութեան ձգտումը եւ իսկական օրինակ այս ազգին համար»:
Ֆայյատ նաեւ ընդգծած է, որ «ճգնաժամերէ ելքը կարելի է միայն մեր ժողովուրդին վճռականութեան եւ համախմբուածութեան միջոցով», յաւելելով, որ «օտարերկրացիին վրայ ապաւինիլը մեզ չ'օգներ դուրս գալու ճգնաժամերէն»:
«Հաշըտ Շահպի» ուժերը, համագործակցելով Իրաքի համատեղ գործողութիւններու հրամանատարութեան հետ, կը շարունակեն հետապնդել ՏԱՀԷՇ-ի «մնացորդները» Իրաքի շարք մը նահանգներու մէջ: