Իրանի մէջ վերջին երկու օրերու ընթացքին տեղի ունեցած փոթորկի եւ հեղեղումներու հետեւանքով զոհուած է 7 մարդ, եւս 59-ը վիրաւորուած է:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է IRNA-ն՝ յղում կատարելով երկրի Արտակարգ իրավիճակներու կազմակերպութեան ղեկավարին:
Իրանի ճգնաժամային կառավարման կազմակերպութիւնը մինչեւ կիրակի նախազգուշացում յայտարարած է երկրի 21 շրջաններու վերաբերեալ՝ կոչ ընելով զերծ մնալու լեռներով ճանապարհորդելէ եւ գետերու մօտ վրաններ լարելէ: