image

Իրանի մէջ հեղեղումներու հետեւանքով մահացած է 7 մարդ, վիրաւորուած՝ 59-ը

Իրանի մէջ հեղեղումներու հետեւանքով մահացած է 7 մարդ, վիրաւորուած՝ 59-ը

Իրանի մէջ վերջին երկու օրերու ընթացքին տեղի ունեցած փոթորկի եւ հեղեղումներու հետեւանքով զոհուած է 7 մարդ, եւս 59-ը վիրաւորուած է:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է IRNA-ն՝ յղում կատարելով երկրի Արտակարգ իրավիճակներու կազմակերպութեան ղեկավարին:

Իրանի ճգնաժամային կառավարման կազմակերպութիւնը մինչեւ կիրակի նախազգուշացում յայտարարած է երկրի 21 շրջաններու վերաբերեալ՝ կոչ ընելով զերծ մնալու լեռներով ճանապարհորդելէ եւ գետերու մօտ վրաններ լարելէ: