image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Ռիատ կ՚այցելէ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Ռիատ կ՚այցելէ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին յայտարարած է, որ այսօր պիտի մեկնի Սէուտական Արաբիա եւ տարածաշրջանային այլ երկիրներ՝ քննարկելու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ընթացող զարգացումները եւ փորձելու կասեցնել Իսրայէլի գործողութիւնները Լիբանանի եւ Կազայի հատուածին մէջ։

«Մենք բազմիցս յայտարարած ենք, որ Իրանը չի ձգտիր լարուածութեան աճի, թէեւ մենք չենք վախենար պատերազմէն, եւ մեր զինուած ուժերը պատրաստ են որեւէ սենարի եւ իրավիճակի։

Մենք սահմանած ենք բոլոր անհրաժեշտ նպատակները, եւ, ի հարկէ, ինչպէս ընդգծած եմ, մեզի համար ընդունելի է հակամարտութիւններու դադրեցման եւ հրադադարի մասին համաձայնութեան հասնելու քաղաքականութիւնը»,- նշած է Արաքչին մեկնելէ առաջ: