image

Իրանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը Երեւան այցելեց

Իրանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը Երեւան այցելեց

8 յունուարին Հայաստան ժամանած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիանը: Այս մասին յայտնած են Անվտանգութեան խորհուրդի դիմատետրեան էջէն:

ՀՀ ԱԽ քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը գործընկերոջը դիմաւորած է Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ:

Նշենք, որ Ահմատիանը Երեւան ժամանած է Պաքուէն, ուր կը գտնուէր պաշտօնական այցով։