Իրանի Մեճլիսի խօսնակ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու հետ հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ Թեհրանի 14 կէտէ բաղկացած առաջարկին այլընտրանք գոյութիւն չունի, եւ որ որեւէ այլ մօտեցում դատապարտուած է ձախողութեան։ Համապատասխան յայտարարութիւնը ան հրապարակած է X-ի մէջ։
«Ուրիշ այլընտրանք գոյութիւն չունի՝ բացի իրանցի ժողովուրդին իրաւունքներու ճանաչումէն, որոնք շարադրուած են 14 կէտէ բաղկացած առաջարկին մէջ։ Որեւէ այլ մօտեցում ամբողջութեամբ ապարդիւն պիտի ըլլայ եւ միայն յաջորդական ձախողութիւններու պիտի յանգեցնէ»,- նշած է ան։
Ղալիպաֆ աւելցուցած է, որ որքան երկար Միացեալ Նահանգները «ժամանակ շահի», այնքան աւելի բարձր գին պիտի վճարեն ամերիկացի հարկատուները։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Իրան ԱՄՆ-ին ղրկած է հակամարտութեան դադրեցման ամերիկեան առաջարկին իր պատասխանը։ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ այդ պատասխան առաջարկը «անընդունելի» որակած էր։
Ըստ իրանական լրատուամիջոցներու՝ առաջարկը կը ներառէ պատերազմի դադրեցում բոլոր ճակատներու վրայ, մասնաւորաբար՝ Լիբանանի մէջ, իրանական նաւահանգիստներու շրջափակման դադրեցում, հետագային Իրանի վրայ չյարձակելու երաշխիքներ, պատժամիջոցներու չեղարկում, իրանական քարիւղի վաճառքի արգելքի վերացում, պատերազմի ընթացքին պատճառուած վնասներուն համար փոխհատուցում եւ Հորմուզի նեղուցին նկատմամբ Իրանի ինքնիշխանութեան ճանաչում։
Մայիս 11-ի երեկոյեան ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ քննադատած է ամերիկեան առաջարկին Իրանի տուած պատասխանը՝ նշելով, որ այն մինչեւ վերջ իսկ չէ կարդացած։ Թրամփ շեշտած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ համաձայնագրով Իրան պէտք է խոստանայ, որ պիտի հրաժարի իր միջուկային ծրագրէն։ Սակայն, ըստ անոր, Իրանի պատասխան նամակին մէջ այդ կէտը արտացոլուած չէր։ Թրամփի պնդումով՝ Իրան համաձայնած էր, որ ԱՄՆ հեռացնէ միջուկային կեդրոններու փլատակներուն տակ մնացած հարստացուած ուրանը, սակայն Իրանի վերջին առաջարկին մէջ այդ կէտը ներառուած չէ։