image
Հրատապ լուրեր:

Իրանէն անօդաչու սարքերու առաջին խմբաքանակը հասած է Ռուսիա. The New York Times

Իրանէն անօդաչու սարքերու առաջին խմբաքանակը հասած է Ռուսիա. The New York Times

Իրանէն անօդաչու թռչող սարքերու առաջին խմբաքանակը հասած է Ռուսիա: Այս մասին յայտնած է The New York Times-ը՝ վկայակոչելով «ԱՄՆ-ի եւ դաշնակից երկիրներու պաշտօնեաները»։

Հրատարակութեան տուեալներով՝ 19 օգոստոսին Թեհրանէն օդ բարձրացած էին ռուսական բեռնատար օդանաւեր՝ անօդաչուններով բեռնուած։ Երկու տեսակի իրանական անօդաչուները, որոնք կրնան նաեւ զինամթերք տեղափոխել, ենթադրաբար նախատեսուած են Ուքրանիոյ դէմ օգտագործման համար։

ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճեք Սալիվըն աւելի վաղ ըսած էր, որ ԱՄՆ պաշտօնեաները կը կարծեն, որ Իրան կը ծրագրէ արագօրէն Ռուսիա տեղափոխել քանի մը հարիւր անօդաչու թռչող սարք, այդ շարքին՝ զէնք կրողներ: Անոր խօսքով՝ իրանցի մասնագէտները պիտի սորվեցնեն ռուս զինուորականներուն՝ ինչպէս օգտագործել անօդաչու թռչող սարքերը։

Իր հերթին Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Նասեր Քանաանին հերքած էր ռուսական կողմին անօդաչու թռչող սարքերու հնարաւոր փոխանցման մասին տեղեկութիւնը։ Դիւանագէտը նաեւ ըսած է, որ Իրանի դիրքորոշումն Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ յստակ է եւ բազմիցս հնչեցուած է։