Ռուսիա հարիւրաւոր իրանեան անօդաչու թռչող սարքեր ձեռք բերած է, որոնք կրնան օգտագործուիլ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին: Ըստ արեւմտեան հետախուզութեան պաշտօնեաներու՝ Ռուսիոյ ԱԹՍ-ներ տրամադրելու գործը տեղի ունեցած է հակառակ ԱՄՆ-ի նախազգուշացումներուն Թեհրանին՝ զանոնք չուղարկելու մասին, յայտնած է Associated Press-ը:
Դեռ յայտնի չէ, թէ արդեօք Ռուսիա սկսած է այդ անօդաչուներու կիրառումն ուքրանական թիրախներու դէմ, սակայն անօդաչուները, ըստ երեւոյթին, գործուն են եւ պատրաստ են օգտագործման, ըսած են պաշտօնեաները, որոնք խօսած են անանուն մնալու պայմանով:
Աղբիւրը նկատած է, որ իրանեան անօդաչուի տրամադրումը կը նշանաւորէ երկարամեայ դաշնակիցներու միջեւ աւելի սերտ ռազմական համագործակցութեան փուլը:
Յայտնի է, որ Ուքրանիան պատրեազմի վեց ամսուան ընթացքին մեծապէս օգտագործած է անօդաչու թռչող սարքեր՝ ռուսական թիրախներուն հետեւելու եւ խոցելու համար: Անօդաչուները Քիեւին տրամադրած են ԱՄՆ-ն եւ միւս գործընկերները, այդ շարքին Թուրքիան: