image

Իրան ընդունեց Ուաշինկթընի ծրագրի 15 կէտերու մեծամասնութիւնը. Թրամփ

Իրան ընդունեց Ուաշինկթընի ծրագրի 15 կէտերու մեծամասնութիւնը. Թրամփ

Իրան համաձայնած է պատերազմի աւարտի վերաբերեալ Ուաշինկթընի ծրագրի 15 կէտերու մեծամասնութեան: Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը, իր օդանաւին մէջ՝ Ուեսթ Փալմ Պիչէն Ուաշինկթըն ճանապարհին։

Թրամփի՝ Թեհրանի հետ բանակցութիւնները կ՚ընթանան ինչպէս ուղղակիօրէն, այնպէս էլ միջնորդներու միջոցով եւ կու տան կարեւոր արդիւնքներ։

«Անոնք համաձայնած են կէտերու մեծամասնութեան։ Ինչո՞ւ անոնք այդ պէտք չէ ընէին»-ըսած է ան։

Թրամփ նաեւ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու՝ եւս քանի մը կէտ աւելցնելու ծրագրի մասին։

Ան աւելցուցած է, որ Թեհրանը Ուաշինկթընին եւս մէկ նուէր մատուցած է՝ թոյլտւութիւն նաւթով բեռնուած եւս 20 լցանաւերու անցնելու Հորմուզի նեղուցով։  

«Այսօր անոնք մեզի եւս մէկ նուէր մատուցեցին։ Անոնք մեզի տուին նաւթով բեռնուած 20 նաւ, որոնց տեղափոխումը պիտի սկսի վաղը», -ըսած է ԱՄՆ նախագահը։