Ամերիկեան զինուորական ուժերը աւարտած են Իրանի դէմ կատարուած հարուածներու նոր շարքը՝ գրոհելով 80-է աւելի թիրախ։ Այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու Կեդրոնական հրամանատարութիւնը (CENTCOM)։
«Կեդրոնական հրամանատարութեան ուժերը աւարտած են Իրանի դէմ կատարուած յարձակողական հարուածներու նոր փուլը՝ ճշգրիտ զինամթերքի գործածութեամբ հարուածելով 80-է աւելի թիրախ»,– նշուած է CENTCOM-ի հաղորդագրութեան մէջ։
Հրամանատարութիւնը պնդած է, որ այս գործողութիւնը պատասխան է Հորմուզի նեղուցէն անցնող առեւտրական նաւերու դէմ Իրանի վերջին յարձակումներուն։
Յարձակման ենթարկուած են նաեւ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի 60-է աւելի արագընթաց մօթորանաւակ։
«ԱՄՆ ուժերը հարուածած են իրանական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը, հրամանատարական կեդրոնները, ծովափնեայ ռատարները, հականաւային հրթիռային համակարգերը, ինչպէս նաեւ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի 60-է աւելի մօթորանաւակներ՝ Հորմուզի նեղուցին եւ անոր մերձակայքին մէջ, նպատակ ունենալով սահմանափակել Իրանի կարողութիւնը՝ շարունակելու յարձակումները միջազգային առեւտրական նաւագնացութեան դէմ, որ կ՚անցնի այս կարեւոր միջազգային առեւտրական միջանցքով»,– նշուած է CENTCOM-ի հաղորդագրութեան մէջ։