Իրանը չի պատրաստուիր անմիջական կամ միջնորդաւորուած բանակցութիւններ վարել ԱՄՆ-ի ներկայացուցիչներու հետ Վիեննայի մէջ 6 ապրիլին կայանալիք հանդիպման, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի շուրջ քննարկումներուն: «Թանսիմ» գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ապաս Արաղչին:
Իրանցի բարձրաստիճան դիւանագէտը յայտարարած է, որ Իրանը պիտի չբանակցի ԱՄՆ-ի հետ: «Մենք բանակցութիւններ պիտի վարենք 4+1 ձեւաչափի (ՌԴ, Չինաստան, Մեծ Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ Գերմանիա՝ խմբ.) երկիրներու հետ եւ անոնց պիտի յայտնենք մեր պահանջներն ու պայմանները միջուկային գործարքին ԱՄՆ-ի վերադարձի վերաբերեալ: Մեր պահանջն է գործարքի շրջածիրէն ներս ԱՄՆ-ի կողմէ իր բոլոր պարտաւորուածութիւններու կատարումը եւ պատժամիջոցներու վերացումը»,- ըսած է Արաղչին:
Վերջինս վերահաստատած է, որ Թեհրանը մտադիր չէ ԱՄՆ-ին ընդառաջ քայլեր ընել, քանի դեռ բոլոր ամերիկեան պատժամիջոցները չեն վերացուած:
Ուրբաթ ԱՄՆ-ն հաստատած էր իր մասնակցութիւնը Վիեննայի մէջ կայանալիք հանդիպման: Մասնաւորապէս, կը նախատեսուի քննարկել միջուկային գործարքին վերադառնալու համար անհրաժեշտ քայլերն Իրանի եւ ԱՄՆ-ի համար:
Նշենք, որ 2015 թուականին կնքուած իրանական միջուկային գործարքէն ԱՄՆ-ն դուրս եկած է 2018 թուականի մայիսին՝ Տանըլտ Թրամբի նախագահութեան օրօք: