Օման յայտարարած է Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւնները չեղեալ համարուելու մասին։ Անոնք նախատեսուած էին կիրակի՝ 15 յունիսին։
Չեղեալ համարուելու մասին յայտարարած է Օմանի արտաքին գործոց նախարար Սայիտ Պատր պըն Համատ Ալպուսաիտին՝ նշելով, որ դիւանագիտութիւնն ու երկխօսութիւնը կը մնան երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու միակ ճանապարհը։