image

Իրան արտօնած է մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող նաւերու անցումը Հորմուզի նեղուցով

Իրան արտօնած է մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող նաւերու անցումը Հորմուզի նեղուցով

 

Իրանի իշխանութիւնները Ապրիլ 4-ին հաւանութիւն տուած են մարդասիրական օգնութիւն փոխադրող նաւերու անցման՝ իրանական նաւահանգիստներ, Հորմուզի նեղուցով։

Այս մասին յայտնած է Tasnim լրատուական գործակալութիւնը։

Երկրի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ այս որոշումը աջակցութիւն ստացած է Իրանի կառավարութեան եւ զինուած ուժերուն կողմէ։ Հաստատուած է առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ, սնունդ եւ անասուններ փոխադրող նաւերու տարանցումը։

Հորմուզի նեղուցով այդ նաւերուն ապահով անցքը երաշխաւորելու համար մշակուած են յատուկ արձանագրութիւններ եւ անհրաժեշտ դրոյթներ։