image

Իրան`արդիական եւ Թէլ Աւիւ հարուածել կրցող ԱԹՍ-ներու մասին յայտարարած է

Իրան`արդիական եւ Թէլ Աւիւ հարուածել կրցող ԱԹՍ-ներու մասին յայտարարած է

Իրանը յայտարարած է, որ  անօդաչու սարք մը ունի, որ ռազմական բախման պարագային, կրնայ հարուած հասցնել մինչեւ Թել Աւիվ եւ Հայֆա։ Այս մասին յայտարարած է ցամաքային զօրքերու հրամանատար, գնդապետ Կիւմարս Հայտարին, IRIB TV1 հեռուստաալիքի հետ հարցազրոյցի ընլացքին։

Ան նշած է, որ «Արաշ 2 » տրոնը, որ «Արաշ 1» -ի աւելի նոր տարբերակն է, իւրատեսակ հնարաւորութիւն ունի, թիրախը խոցելէն եւ ոչնչացնելէն առաջ, տեղեկութիւն ստանալու։ «Անօդաչուն յատուկ ստեղծուած է Հայֆան եւ Թել Աւիվը խոցելու համար»,- ըսած է Հայտարին։  

«Արեւելք» այս մասին իմացաւ news.am լրատուական կայքէն ։