Անչափահաս դստեր նկատմամբ դաժան վերաբերմունք դրսեւորելով մանկական պոռնկագրութիւն ստեղծած եւ իրագործած կինը՝ Ա. Արեւշատեան, կալանաւորուած է։ Յայտնած են Բարձրագոյն դատական խորհուրդի մամլոյ ծառայութենէն:
Աւելի վաղ նշուած էր, որ դատախազը հանրային քրէական հետապնդում յարուցած է անչափահաս դստեր նկատմամբ դաժան վերաբերմունք դրսեւորելով մանկական պոռնկագրութիւն ստեղծած եւ իրագործած կնոջ նկատմամբ: Անոր մեղադրանք առաջադրուած է 3 յօդուածով:
Յիշեցնենք, որ համացանցով սահմռկեցուցիչ տեսանիւթ տարածուած է, ուր կ'երեւի, թէ ինչպէս մայրը իր անչափահաս դստերը կը խոշտանգէ: Կինը, որ 5 երեխաներու մայր է, ծեծի կ'ենթարկէ եւ կը նուաստացնէ դստերը իր միւս երեխաներուն աչքին առջեւ, աւելին՝ մասնակից կը դարձնէ անոնց՝ քրոջ խոշտանգման: Տարածուած տեսանիւթէն յետոյ ոստիկանութիւնը յայտնաբերած է եւ բերման ենթարկած կինը Ոստիկանութեան կեդրոնի բաժին:
Նշենք, որ երեխաներու հայրը այս տարուան փետրուարին կալանաւորուած է՝ երեխան բռնաբարելու համար: Մայրը նոյնպէս դատապարտուած եղած է տարիներ առաջ՝ սուտ մատնութեան համար։