image
Հրատապ լուրեր:

Միքայէլ Սրբազանի խափանման միջոցը փոխուեցաւ՝ տնային կալանքի

Միքայէլ Սրբազանի խափանման միջոցը փոխուեցաւ՝ տնային կալանքի

Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ Սրբազանի խափանման միջոցը փոխուած է. վերաքննիչ դատարանը բաւարարած է փաստաբաններու ներկայացուցած խափանման միջոցի միջնորդութիւնը եւ կալանքը փոխարինած է տնային կալանքով։

«Տնային կալանք եւ բացակայելու արգելք, որի ընթացքում արգելուած է ընդունել հիւրեր, հեռախօսային խօսակցութիւններ, նամակագրութիւն եւ այլն։ Նշուած սահմանափակումները չեն վերաբերում մերձաւոր ազգականներին, պաշտպաններին, Շիրակի թեմի հոգեւոր դասի մէկ ծառայողի եւ վարչատնտեսական մասի մէկ աշխատակցի»,-ըսուած է դատարանի որոշման մէջ։

Յիշեցնենք, որ Միքայէլ Սրբազանը դատապարտուած է 2 տարուան ազատազրկման:

Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը մեղաւոր ճանչցուած է ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 442-րդ յօդուածի 2-րդ մասով: Պատիժի սկիզբը սահմանուած է փաստացի արգելանքի տակ վերցնելու օրը:

Մեղադրանքի էութիւնն այն է, որ ան զանգուածային լրատուամիջոցներու, տեղեկատուական եւ հաղորդակցական միջոցներու օգտագործմամբ իշխանութիւնը զաւթելուն եւ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչեր ըրած է նախ՝ 2024 թուականի փետրուար 3-ին, ապա նաեւ 2025 թուականի յունիս 21-ին լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն տրուած հարցազրոյցներու ժամանակ։ Ան յունիս 28-էն կալանաւորուած էր։