image

Ինչո՞ւ բանակցութիւնները Լուքաշէնքօն էր ստանձնած. Քրեմլէն բացատրութիւն

Ինչո՞ւ բանակցութիւնները Լուքաշէնքօն էր ստանձնած. Քրեմլէն բացատրութիւն

«Վակներ» մասնաւոր ռազմական կազմակերպութեան հիմնադիրի հետ բանակցութիւններուն մասնակցած է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշէնքօն, քանի որ վերջինս շուրջ 20 տարի է՝ անձնապէս կը ճանչնայ Եւկենի Փրիկոժինը։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով։

Խօսնակի խօսքով՝ Ռուսիոյ նախագահի՝ Պելառուսիոյ պաշտօնակիցի հետ զրոյցի ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ «Լուքաշէնքօ միջնորդական ջանքեր գործադրէ կարգաւորման հարցով»։

«Եւ մենք բարձր կը գնահատենք այդ ջանքերը»,- նշած է Փեսքով։

Փեսքով անցած օրը անուանած է «բաւականին ծանր» եւ «ողբերգական իրադարձութիւններով լի», բայց յայտարարած է, որ տեղի ունեցածը որեւէ կերպ չ'անդրադառնար Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութեան վրայ։