image

Ինչ առաջարկ ըրած էր Ալիեւը ՀՀ նախկին իշխանութիւններուն եւ մերժուած. Լուքանշենքօն փակագիծեր բացած է

Ինչ առաջարկ ըրած էր Ալիեւը ՀՀ նախկին իշխանութիւններուն եւ մերժուած. Լուքանշենքօն փակագիծեր բացած է

 

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը տարիներ առաջ առաջարկած է վերականգնել Լեռնային Ղարաբաղը, այն պարագային եթէ Հայաստանը համաձայնէր զինուած հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: Ալիեւի հետ բանակցութիւններէն ետք «Պելառուս 1» հեռուստաալիքի եթերին այս մասին յայտնած է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն։
«Ես, ի հարկէ, երբ նախագահ չըլլամ, շատ լաւ բաներ կը պատմեմ այն մասին, թէ այդ հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար (Լեռնային Ղարաբաղի մէջ) Իլհամ Հէյտարովիչն ինչ առաջարկած է հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի ղեկավարներուն։ Այդ առաջարկներէն մէկը հետեւեալն էր․ «Լսէ՛, դուն հայերուն հետ լաւ յարաբերութիւններու մէջ ես, , փոխանցէ անոնց, որ ես պատրաստ եմ վերականգնել ոչ միայն Ղարաբաղը, այլեւ բարձրացնել Հայաստանը։ Ես նոյնիսկ չեմ նշեր այն գումարի չափը, որ պատրաստ եմ մէկանգամով վճարել: Փոխանցէ անոնց, որ խաղաղ ճանապարհով կարգաւորեն այդ հարցը»,- ըսած Է Լուքաշենքօն Ալիեւի հետ իր զրոյցի մասին։

Լուքաշենքօն չէ յստակեցուցած՝ ճիշդ երբ կայացած է Ալիեւի հետ այդ զրոյցը, սակայն նշած է՝ զրոյցը տեղի ունեցած է նախքան Նիկոլ Փաշինեանի՝ ՀՀ վարչապետի պաշտօնը զբաղցնելը։

«Բայց Հայաստանի նախկին ղեկավարութիւնը, նախքան Փաշինեանը, հրաժարած է այդ առաջարկէն»,-յայտարարած է ան։

Պելառուսիոյ նախագահը նշած է նաեւ, որ առաջին անգամ է, որ հրապարակաւ կը պատմէ այդ խօսակցութեան մասին։

Յիշեցնենք, Լուքաշենքօն 13-14 ապրիլին աշխատանքային այցով եղած է Պաքու, ուր բանակցութիւններ վարած է Ալիեւի հետ։