Օրերս Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի նախկին սաներէն եւ այժմ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Յարութ Շէքէրճեան հանդէս եկաւ ուսանելի ու օրինակելի նախաձեռնութեամբ։ Ուսուցիչներու մասնագիտական տօնին առիթով ան յատուկ կերպով գնահատեց իր ուսուցիչները՝ վարժարանի ուսուցչական անձնակազմի իւրաքանչիւր անդամին նուիրելով մեղրի սափորիկ մը՝ որպէս երախտագիտութեան եւ գնահատանքի խորհրդանշական արտայայտութիւն։ Միաժամանակ, ան նիւթական նպաստ յատկացուց վեց աշակերտներու կրթաթոշակներուն՝ աջակցելով անոնց կրթութեան շարունակութեան այս դժուարին պայմաններուն մէջ։
Շէքէրճեանի նախաձեռնութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանին կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Յուզումով եւ խորագոյն շնորհակալութեամբ ընդունեցինք Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի նախկին աշակերտներէն՝ այժմ Լոս-Անճելոսաբնակ պարոն Յարութ Շէքէրճեանի իմաստալից նախաձեռնութիւնը, զոր ան կատարեց ի պատիւ մեր ուսուցիչներուն՝ անոնց մասնագիտական տօնին առիթով այս տարի։
Խորիմաստ քայլով մը, պարոն Շէքէրճեան մեր ուսուցչական անձնակազմի իւրաքանչիւր անդամին նուիրեց մեղրի սափորիկ մը, որպէս խորհրդանշական եւ սրտաբուխ գնահատանքի նշան՝ անոնց նուիրուածութեան եւ անխոնջ ջանքերուն։
Այս գեղեցիկ ժեսթին զուգահեռ, պարոն Շէքէրճեան նիւթական նպաստ յատկացուց մեր վարժարանի վեց աշակերտներու կրթաթոշակներուն՝ արժէքաւոր աջակցութիւն ցուցաբերելով անոնց կրթութեան շարունակութեան։
Այն ժամանակ, երբ Լիբանան կ՛անցնի քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ետք իր ամենադժուարին օրերէն՝ ապահովական եւ ընկերային-տնտեսական ծանրագոյն պայմաններուն պատճառով, բարութեան եւ զօրակցութեան նման դրսեւորումները կը ստանան աւելի մեծ նշանակութիւն։ Անոնք մեզի կը յիշեցնեն մեր վարժարանին եւ անոր նախկին աշակերտներուն միջեւ ամուր կապին եւ մեր համայնքը զօրացնող համերաշխութեան ոգիին մասին։
Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը իր անկեղծ երախտագիտութիւնը կը յայտնէ պարոն Շէքէրճեանին՝ իր առատաձեռնութեան, կարեկցութեան եւ այդ յուզիչ զգացումէն բխած աջակցութեան համար։ Իր ժեսթը կը ներկայանայ որպէս կրթութեան նկատմամբ հաւատքի, նուիրուածութեան եւ պատասխանատուութեան գրաւիչ օրինակ։