Ձերբակալուած է Պետգոյքի կառավարման վարչութեան նախկին պետ, Ազգային Ժողովի նախկին նախագահ Գալուստ Սահակեանի որդին՝ Արման Սահակեանը։ Այս մասին յայտնած են Հակափտածութեան կոմիտէէն։
Նշուած է, որ կոմիտէէն ներս քննուող քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի տարբեր յօդուածներով նախատեսուած յանցաւոր արարքներ կատարելու մեղադրանքներով ձերբակալուած են շարք մը անձինք, այդ շարքին՝ Պետական գոյքի կառավարման վարչութեան պետի պաշտօնը զբաղցուցած անձը եւ այլ նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: