image

«Իմ Քայլ»ական Վարազդատ Կարապետեան հրաժարեցաւ

«Իմ  Քայլ»ական Վարազդատ Կարապետեան  հրաժարեցաւ

Ազգային Ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամ՝ Վարազդատ Կարապետեան պատգամաւորական մանտաթէն հրաժարելու դիմում ներկայացուցած է ։ Այս մասին ան յայտնած է դիմատետրի իր էջով։

 

«Սիրելի՛ ընկերներ

Այսօր պատգամաւորական մանտաթէն հրաժարելու դիմում ներկայացուցած եմ ։

4 Դեկտեմբերէն կը ստանձնեմ Չինաստանի մէջ Հայաստանի առեւտրային ներկայացուցիչի պարտականութիւնները։

Այժմ, առաւել քան երբեւէ Հայաստանին պէտք են նոր կապեր, շուկաներ, հնարաւորութիւններ եւ նոր ներդրումներ։

Առաջիկային գործարարներուն կը ներկայացնեմ մեր համատեղ գործողութիւններու յաջորդականութիւնը։

Գեղարքունիքի սիրելի՛ ժողովուրդ, ձեզի յուզող խնդիրներն ու հարցերը շարունակեցէք ուղարկել ինծի։ Կ'աշխատիմ հնարաւորինս նպաստել անոնց լուծման»,- գրած է Կարապետեան։