image

Սպիտակ տան մօտակայքը զինուած յարձակում եղած է

Սպիտակ տան մօտակայքը զինուած յարձակում եղած է
Սպիտակ տան մօտակայքը զինուած յարձակում եղած է։
Ուաշինկթընի կեդրոնին մէջ՝ Սպիտակ տունէն երկու թաղամաս հեռաւորութեան վրայ, չորեքշաբթի օր զինուած տղամարդը կրակած է Արեւմտեան Վիրճինիայի ազգային պահակագունդի երկու զինծառայողի վրայ՝ պատճառելով անոնց կեանքին սպառնացող վնասուածքներ։

Ոստիկանութեան տուեալներով՝ ենթադրեալ յարձակողը առանձին գործած է։ Մօտակայքը ծառայութիւն իրականացնող ազգային պահակայինները վնասազերծած են կասկածեալը։

Երէկ Սպիտակ Տան մերձ կրակ բացած անձը բացայայտուած է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը, որ միջադէպի պահուն Ֆլորիտայի մէջ էր, յայտարարած է, որ ենթադրեալ յարձակողը Աֆղանստանի քաղաքացի է՝ Ռահմանուլլա Լաքանվալ անունով, որ Միացեալ Նահանգներ մուտք գործած է 2021-ի սեպտեմբերին։ Ան նշած է, որ իր վարչակազմը պիտի ապահովէ, որ կասկածեալը «վճարէ հնարաւոր ամենախիստ գինը»՝ գործողութիւնը որակելով որպէս «չարիք, ատելութիւն եւ ահաբեկչութիւն»։

Միացեալ Նահանգներու Քաղաքացիութեան եւ ներգաղթի ծառայութիւնը յայտնած է, որ անվտանգութեան ստուգումներու վերանայման ընթացքին դադրեցուցած է բոլոր աֆղանական գաղթի դիմումներու մշակումն ու ընդունումը։

Կրակ բացած  անձը անցեալին համագործակցած է Ամերիկեան գաղտնի ծառայութեանց հետ 

Սպիտակ տան մօտ կրակ բացած եւ Ազգային պահակագունդի երկու զինուոր վիրաւորած աֆղանցին նախապէս համագործակցած է Միացեալ Նահանգներու կառավարական գործակալութիւններու, այդ շարքին՝ նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի օրօք Աֆղանստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզական գործակալութեան (ԿՀՎ) հետ, յայտարարած է Կեդրոնական հետախուզական գործակալութեան տնօրէն Ճոն Ռեթքլիֆը:

«Պայտընի վարչակազմի օրօք Միացեալ Նահանգներու զօրքերու դուրսբերումէն ետք, նոյն վարչակազմը 2021 թուականի սեպտեմբերին հրաձիգի ԱՄՆ ժամանումը արդարացուցած է անոր նախկին աշխատանքով ԱՄՆ կառավարութեան մէջ, այդ շարքին՝ Կեդրոնական հետախուզական գործակալութեան հետ համագործակցութեամբ՝ որպէս Քանտահարի մէջ Միացեալ Նահանգներուն օգնող ուժերու անդամ, որ աւարտեցաւ քաոսային տարհանումէն կարճ ժամանակ անց», -ըսած է ան։

Ռեթքլիֆը աւելցուցած է, որ Ազգային պահակագունդի վրայ յարձակած տղամարդուն ընդհանրապէս պէտք չէ թոյլատրուէր մուտք գործել Միացեալ Նահանգներ։