image
Հրատապ լուրեր:

Ոչինչ պատահական է

Ոչինչ պատահական է

-Սիլվա՛, ե՞րբ եկար. այս ի՞նչ գեղեցիկ անակնկալ է. անպայման հրամէ եւ տունս այցելէ։

-Սիրելիս, շատ չեղաւ գալուս, բայց ուզեցի նախ քիչ մը կազդուրուիլ, թօթափել ճամբորդութեան  յոգնութիւնը, յաղթահարել ժամերու տարբերութեան պատճառած անքնութիւնն ու գլխացաւը, ապա հաղորդակցիլ սիրելիներուս հետ։ Կը խոստանամ անպայման հանդիպիլ  եւ միասին համով սուրճ մը խմել։

-Սիլվա՛, դէպի ո՞ւր կերթաս այսպէս արագ քայլերով:

-Սա իմ քալելու ընթացիկ ճամբաս է. տունէս մինչեւ քաղաքին կեդրոնը գտնուող՝ Մար Մարուն եկեղեցին: Տարիներ այս ճամբան քալած եմ, որպէս մարզանք, հաճոյք եւ հոգեւոր բաւականութիւն: Նոյնիսկ Քովիտի պարտադրած մեկուսացման օրերուն, երբ մարդիկ հազուադէպ տունէն կ՚ելլէին, ես այս ուղիէն չեմ հրաժարած եւ փակ եկեղեցիին բակը գտնուող քարէ նստարանը իմ հանգստավայրս ու աղօթարանս սեպած եմ:

Խօսակիցս մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ եւ շարք մը հարցումներ ուղղեց, իմանալու՝ եկեղեցիին ճշգրիտ  վայրը, ընդարձակ կամ փոքր ըլլալը, խորանին վրայ երեւցող սրբապատկերը...:

-Սիլվա՛, քալած ճամբուդ վրայ նոյնպէս օտար եկեղեցի մը կայ, որ կը կոչուի «Սանթա Մարիա»: Մայրս այդ եկեղեցիին հետ առընչուած երազ մը տեսած էր եւ յաճախ մեծ ոգեւորութեամբ կը պատմէր: Ես մանուկ էի, կը նկատէի, որ պատմութեան ընթացքին անոր դէմքը կը զուարթանար ու կը փայլէր: Մօրս երազը կը պատահի Աւագ Երեքշաբթի՝ տասը կուսանաց յիշատակութեան օրը, երբ ան ինքզինք կը գտնէ ամբոխի մը մէջ, որոնք Յիսուսի գալուստը կը սպասեն: Ամբոխը կը քալէ ու կը մտնէ եկեղեցի մը, որուն կը հետեւի նաեւ մայրս: Ան իր աչքերը խորանին մէջտեղը զետեղուած Աստուածամօր սրբապատկերին յառած՝ Յիսուսի գալուստը կը սպասէ: Թէեւ Յիսուսը կ՚ուշանայ, բայց խորանին սրբապատկերը յանկարծ մարմին կը ստանայ եւ խորանէն վար իջնելով, Աստուածամայրը ճիշդ մօրս կողքը կը կանգնի: Պահ մը մայրս կ՚ապշի եւ ամբողջ մարմինով կը սարսռայ: Աստուածամայրը զինք կը հանգստացնէ ըսելով. «Աղջիկս, մի վախնար, ես երկնային մայրդ եմ եւ քեզի փոխանցելիք պատգամ մը ունիմ: Կեանքիդ ընթացքին այլազան նեղութիւններ պիտի ունենաս, բայց ես քեզի կը վստահեցնեմ, որ դուն այդ ամէնը պիտի յաղթահարես»: Այդ երազէն ետք, ամէն անգամ, երբ մայրս նեղ կացութեան մը մատնուէր, ամենայն վստահութեամբ կ՚ըսէր.« Աստուածամօր խոստումը բնաւ չեմ մոռնար. ես վստահ գիտեմ, որ այս դժուարութիւնն ալ պիտի յաղթահարեմ»:

Կը փշաքաղիմ այս խորհրդաւոր երազի պատմութեամբ ու կը շարունակեմ ճամբաս, մտորելով. «Արդեօք երազներով ստացուած խոստումները կը կտակուի՞ն, կը փոխանցուի՞ն մօրմէն դուստրին»: Կը մտաբերեմ, որ ասկէ հինգ տարի առաջ, խօսակիցս, Պէյրութի նաւահանգիստին ահաւոր պայթումէն հրաշքով փրկուած էր: Անոր տունը նաւահանգիստէն միայն 400 մեթր հեռաւորութեան վրայ ըլլալով քարուքանդ եղած էր: Իր հետ ապրող մօրեղբայրը՝ տեղն ու տեղը զոհուած էր, իսկ ինքը այդ քաոսային վիճակէն անհաւատալիօրէն ամբիծ ու անվնաս դուրս եկած էր: Կը յիշեմ, երբ 2022- ին  այցելեցի զինք իր «նոր տան» մէջ, շատ աւելի տխուր եւ  ընկճուած էր, քան այսօր: Փառք Աստուծոյ, որ մարդ արարածին տուած է տոկալու, վերականգնելու եւ ամրանալու կարողութիւնը:

Խոհերս կ՚ընդհատուին, երբ դէմս կ՚ելլէ այլ բարեկամուհի մը, որուն զաւակները եւ իմիններս նոյն վարժարանը յաճախած են, եւ մենք քաղցր յիշատակներ կը բաժնեկցինք։

-Մարի՛, ջան, ինչպէ՞ս ես. յուսամ ընտանեօք լաւ ու հանգիստ էք:

-Սիլվա՛, շատ ծանր ճգնաժամային օրեր անցընելէ ետք, առայժմ լաւ ենք. փառք Աստուծոյ։ Ամուսինս քաղցկեղով հիւանդացաւ եւ ութ քիմիական ներարկումներ ստացաւ։ Դուն լաւ գիտես, որ որքան դժուար է այդ բուժումներուն պատճառած կողմնակի ազդեցութիւններուն դիմանալը...: Չերկարեմ. բարեբախտաբար ախտորոշիչ  քննութիւնը (pet scan) ուռուցքին ամբողջական վերացումը հաստատեց: Թէեւ ան շատ ընկճուած ու տկարացած էր, բայց շատ արագ կազդուրուեցաւ եւ հիմա արդէն իր աշխատանքին վերադարձած է:

-Փառք Աստուծոյ սիրելիս, չես պատկերացներ, թէ կատարեալ ապաքինման աւետիսը որքա՜ն գեղեցիկ հնչեց ականջիս։

Կը շարունակեմ ճամբաս եւ խոհերու շարան մը կը զարթնի միտքիս մէջ։ Ի՞նչ կ՚արժէ մարդը, եթէ իր հաւատքը կորսնցնէ երկնային զօրութեան հանդէպ: Ինչպէ՞ս պիտի նաւարկէ այս աշխարհի փոթորկոտ պայմաններուն մէջ  ու խաղաղաղութիւն գտնէ: Ակնթարթի մը մէջ հարցումներուս պատասխանը կը գտնեմ անդրադառնալով, որ  երկու բարեկամուհիներուս հանդիպումը, որ իրարմէ միմիայն երեք վարկեան հեռաւորութեամբ էր, պատահական  չէր, ոչ ալ զուգադիպութիւն մըն էր։ Ամէն մէկուն պատմութիւնը լուրջ պատգամ մը կը յղէր, եւ ինծի կը մնար անոր խորքը թափանցելն ու լաւագոյնս ըմբռնելը...:

Կը հասնիմ եկեղեցի՝ քայլերուս վերջին կանգառը, կը նստիմ պարապ նստարաններէն մէկուն վրայ ու կը պատրաստուիմ աղօթքի։ Նախորդ օրերէն մնացած խունկին հոտը, թոքերուս հասնող մաքուր ու զով շունչը

հոգեպարար զգացողութիւն մը կը պարգեւեն ու էութիւնս ամբողջութեամբ կը կլանեն:

-Տէ՛ր, այսօր խնդրանքներուս տարափով պիտի չանհանգստացնեմ քեզի եւ պիտի փոխարինեմ զանոնք շնորհակալութեամբ, որովհետեւ երկու խօսակիցներուս միջոցով Դուն բոլոր հարցերուս պատասխանեցիր  ու մտատանջութիւններս փարատեցիր։

Դուրս կ՚ելլեմ եկեղեցիէն լիովին վերանորոգուած՝ հաւատալով, որ այս աշխարհին մէջ ո՛չ մէկ բան պատահական է։


 

Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան 



 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...