image

Կիպրոսի «փոթորիկ»ը չհասած ... յանգեցա՞ւ. Վարգէս Մահտեսեան պիտի շարունակէ՞ իր առաքելութիւնը

 Կիպրոսի «փոթորիկ»ը չհասած ... յանգեցա՞ւ. Վարգէս Մահտեսեան պիտի շարունակէ՞ իր առաքելութիւնը

Մէկ խօսքով Մահտեսեան չէ եղած ոչ ոքի «գրպան»ին մէջ ու ապագային ալ չի պատրաստուիր այդպիսի խոցելի վիճակի մը մէջ գտնուիլ։

Այս բոլորը գրելէ ետք վերադառնանք բուն թեմային, որ կապ գալիք շրջանին տեղի ունենալիք ընտրութեանց մասին։

 Անշուշտ հայկական միջավայրին մէջ շատ լաւ գիտեն, ու շատ լաւ հասկցած են, որ եթէ Մահտեսեան դարձեալ դնէ իր թեկնածուութիւնը, ապա ան «արգելք»ի մը պիտի հանդիպի ու բոլոր-բոլորը ստիպուած պիտի ըլլան հաշուի նստիլ այդ որոշումին հետ։ 

 

Յառաջիկայ 2026 տարուան Մայիսին Կիպրոսի մէջ պիտի կայացուին Խորհրդարանական հերթական ընտրութիւններ։ Սոյն տեղեկութիւնը մեծ կարեւորութիւն մը պիտի չունենար, եթէ կիպրական խորհրդարանին մէջ հայկական համայնքը ներկայացուած չըլլար։ 

Այստեղ արդար պիտի ըլլայ արձանագրել, որ հակառակ հայկական աշխարհին մէջ տիրող ոչ այնքան բարւոք պայմաններուն Կիպրոսի Խորհրդարանէն ներս հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչի աթոռն ու պաշտօնը կարողացաւ մնալ իր բարձրութեան վրայ։ 

Անհատի դերն է՞ր արդեօք, որ այդ դիրքը չդարձաւ այս կամ այն կողմի դրօշակը կամ պայքարի գործիքը։ կամ թէ Կիպրոսի փոքրիկ գաղութ մը ըլլալուն, նոյնիսկ այն ուժերը որոնք այդքան ալ երջանիկ չէին Հակառակ Հայաստանի իշխանութիւններուն հանդէպ առկայ ոչ միանշանակ եւ կամ միակամ կեցուածքներուն Կիպրոսի հայկական գաղութի ոչ մէկ կողմ փորձեց պետական ներկայացուցիչի պաշտօնը ստանձնած Վարդգէս Մահտեսեանը «դնել թնդանօթի փողին առջեւ»...։

 Կիպրոսի հայկական իրականութեան ներքին ծալքերուն ու նաեւ առօրեային հետեւող իւրաքանչիւր անձ շատ լաւ գիտէ, որ գաղութին մէջ Վարդգէս Մահտեսեանի անձին հանդէպ մօտիկ անցեալի համակրանքը  մեղմ ասած որոշակիօրէն փոխուած է (որոշ շրջանակներու կողմէ)։

 Փոխուած է, ոչ անոր համար որ Մահտեսեան «շեղած է» իր ուղիէն, այլ անոր համար, որ տեղի չէ տուած ու չէ լսած բոլոր այն «յորդորներ»ը որոնք ուղղուած են անձնապէս իրեն, որ «սահման մը պէտք է գծէ» մէկ կողմէ իր եւ միւս կողմէ Հայաստանի իշխանութիւններուն միջեւ։

Եթէ այսքանը կրցանք «բացատրել» ապա նաեւ պարտինք նշել, որ այս ներքին ու յաճախ աներեւելի լարումը արտայայտուած է տարբեր ձեւաչափերով ու առիթներով, առօնուազն ոչ բարենպաստ վիճակի մը մատնելով, ՀՅԴ Կիպրոսի կառոյցը եւ լարելով այդ կառոյցին եւ Մահտեսեանի միջեւ մինչեւ այդ առկայ սիրալիր մթնոլորտը։

 Չմոռնանք, որ Մահտեսեան կը սերի Դաշնակցական ընտանիքէ, անոր հանգուցեալ հայրը՝ Անանիա Մահտեսեան  եղած է ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր անդամներէն ու ինք եւս՝ Վարգէս Մահտեսեանը երկար տարիներ գաղութային մակարդակով իր ծառայութիւը ունեցած է հանդիսանալով ՀՄԸՄ-ի Կիպրոսի աշխոյժ եւ նուիրեալ անդամներէն մին։

 Այս բոլորէն անդին սակայն, Մահտեսեանը բնաւ չէ եղած անձնաւորութիւն մը , որ «յորդորներ» ընդունի, ուղղութիւններու «պարտադրուած» անձը դառնայ կամ դուրս գայ իր ընդունած սկզբունքէն, ըստ որուն «ո՜վ ալ ըլլայ Հայաստանի պետութեան եւ պետականութեան գլուխը, ես պիտի գործակցիմ անոր հետ» , որ միաժամանակ ընկալման եւ գործելաոճի մօտեցում մըն է սփիւռքի մէջ անուն եւ դիրք ունեցող շատ ու շատ ազգայիններու կողմէ։

Մէկ խօսքով Մահտեսեան չէ եղած ոչ ոքի «գրպան»ին մէջ ու ապագային ալ չի պատրաստուիր այդպիսի խոցելի վիճակի մը մէջ գտնուիլ։

Այս բոլորը գրելէ ետք վերադառնանք բուն թեմային, որ կապ գալիք շրջանին տեղի ունենալիք ընտրութեանց մասին։

 Անշուշտ հայկական միջավայրին մէջ շատ լաւ գիտեն, ո, որ եթէ Մահտեսեան դարձեալ դնէ իր թեկնածուութիւնը, ապա ան «արգելք»ի մը պիտի չհանդիպի ու բոլոր-բոլորը ստիպուած պիտի ըլլան հաշուի նստիլ այդ որոշումին հետ։ 

 

 Նոյնիսկ անոնք, որոնք անցնող օրերուն որոշակի աշխուժութեամբ մը հանդէս եկան եւ կամ հանդիպումներ ունեցան այդ օրակարգով գաղութի ամենատարբեր մարմիններուն հետ բացայայտ կերպով արդէն յայտարարած են, որ Մահտեսեանի որոշումէն կախեալ է իրենց առաջադրուելու հարցը։  

   Գաղութային եւ նոյնիսկ շրջանային ազդեցութիւն եւ ներկայութիւն հանդիսացող Մահտեսեան առաջին անգամ Պետական ներկայացուցիչի պաշտօնը ստանձեց 2006 թուականին  (Հետեւաբար յառաջիկայ տարի ան պիտի բոլորէ իր պետական ներկայացուցիչի պաշտօնին ընտրութեան  20-րդ տարին), երբ սուր պայքար մղելէ ետք   (Այդ  օրերուն   ան յաղթանակ տարաւ Տօքթ. Վահագն  Ադամեանին  դէմ)   յաջողեցաւ տիրանալ այդ պաշտօնին։

 

Տեղին է նաեւ ըսել, որ  այսօրուան  կտրուածքով Մահտեսեան բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ ունի՝ Կիպրոսի պետական գրեթէ բոլոր մարմիններուն եւ քաղաքական ուժերուն հետ, ու նաեւ սիրալիր յարաբերութիւններ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու յատկապէս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։ Չունի թշնամական հայացք, գաղութային ոչ մէկ կառոյցի նկատմամբ եւ անհատական խրախոյսի եւ օգնութեան մը ձեռք մեկնելու իր ունակութիւնը զինք դարձուցած է նախընտրուած գործիչ, որուն նոյն պաշտօնի վրայ մնալը եւ այդ պաշտօնը շարունակելը կը համարուին օգտակար եւ տեղին ամենատարբեր պատճառներով։

 

 Մահտեսեանի որոշման ժամանակը շատ մօտ է եւ այդ առումով օղակը կը սեղմուի, ու գրեթէ բոլոր նախաձեռնութիւն ունեցողները կամ ազդեցիկ կողմերը կը սպասեն այդ որոշումին... իսկ այդ որոշումէն դրական նշան մը տեսնելու միտումները աւելիով կ՚ուրուագծուին նախ ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի նորընտիր կազմին հետ անոր ունեցած հանդիպումէն ու յետոյ ալ մօտակայ օրերուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Կիպրոս տալիք հովուապետական այցի ժամանակ։

Վարդգէս Մահտեսեանի որոշումը, շարունակելու իր այսօրուայ առաքելութիւնը կը բխի Կիպրոսի ամբողջ հայութեան շահերէն եւ ինք, որպէս հայ մարդ եւ գործիչ մեծապէս կը գիտակցի այդ որոշումին կարեւորութիւնը։

 

 

 Սագօ Արեան