image
Հրատապ լուրեր:

Քաղաքական խորհրդակցութիւններ՝ Հայաստանի եւ Իսրայէլի ԱԳՆ-ներու միջեւ

Քաղաքական խորհրդակցութիւններ՝ Հայաստանի եւ Իսրայէլի ԱԳՆ-ներու միջեւ

Նոյեմբեր 26-ին Երուսաղէմի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեանը հանդիպում ունեցած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Էտեն Պար Թալի հետ: Այս մասին յայտնած են ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն։

Հանդիպման ընթացքին երկուստեք ընդգծուած է առկայ պատրաստակամութիւնը աշխատանքներ տանելու Հայաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները, այդ շարքին՝ քաղաքական եւ տնտեսական ոլորտներու մէջ աշխուժացնելու ուղղութեամբ: Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ընթացող գործընթացներու վերաբերեալ:

Այցի ընթացքին տեղի ունեցած են նաեւ Հայաստանի եւ Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ 12-րդ քաղաքական խորհրդակցութիւնները: Հանգամանալից անդրադարձ կատարուած է երկկողմ եւ բազմակողմ հարթակներու վրայ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն: Բարձր արհեստագիտութիւններու, բժշկութեան, գիւղատնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներն առանձնանշուած են որպես երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող, փոխգործակցութեան առաւել մեծ ներուժ ունեցող ուղղութիւններ: