image

Հոնք Քոնկի մէջ արդէն մէկ օր մոլեգնող հրդեհը 40-է աւելի մարդու կեանք խլած է

Հոնք Քոնկի մէջ արդէն մէկ օր մոլեգնող հրդեհը 40-է աւելի մարդու կեանք խլած է

Հոնք Քոնկի բնակելի համալիրներէն մէկուն մէջ արդէն մէկ օր մոլեգնող հրդեհը 40-է աւելի մարդու կեանք խլած է, գրեթէ 280 մարդ անհետ կորսուած է: Կան նաեւ տասնեակ վիրաւորներ: Հարիւրաւոր բնակիչներ տեղաւորուած են ապաստարաններու մէջ:

Հրդեհաշիջման աշխատանքները կը շարունակուին ամբողջ գիշեր: Ըստ իշխանութիւններու՝ հրդեհն աստիճանաբար վերահսկողութեան տակ կը վերցուի: Հրդեհի ժամանակ շէնքերուն մէջ վերանորոգման աշխատանքներ կ՚ընթանային: Հրդեհի պատճառը դեռ կը հետաքննուի, սակայն ըստ ոստիկանութեան՝ վերանորոգման ընթացքին օգտագործուող նիւթերը հրակայուն չեն եղած, որ նպաստած է հրդեհի արագ տարածման:

Բացի այդ՝ շինարարական աշխատանքներու ժամանակ օգտագործուած են պամպուքէ փայտամածներ, որոնք նոյնպէս արագ կը բռնկին եւ բարձր այրուողականութիւն ունին: Շինարարական ընկերութեան տնօրէններէն երկուքը եւ ճարտարապետ-խորհրդատուն ձերբակալուած են: