Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Գերապայծառ Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեանի ձեռամբ, օրերս, տեղի ունեցած է Բանկալթիի Անարատ Յղութիւն եկեղեցւոյ օծումն ու վերաբացումը, յետ երկարատեւ վերանորոգման ու բարեզարդման աշխատանքներու։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
9 Նոյեմբեր 2025, Կիրակի օրը դարձաւ յատկանշական օր մը Բանկալթի Մխիթարեան Վարժարանի ընտանիքին համար, քանի որ առաւօտուն Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Գերապայծառ Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ Բանկալթիի Անարատ Յղութիւն եկեղեցւոյ օծումն ու վերաբացումը, յետ երկարատեւ վերանորոգման ու բարեզարդման աշխատանքներու։ Իրաւամբ առաւօտուն եկեղեցին իր խնամեալ դիմագծով, իր շողշողուն ու ոսկեգոյն յարդարանքներով, իր մասմաքուր իւղաներկ պաստառներով ու արձաններով լոյսերու մէջ կը ծփար ու սիրով կ'ընդունէր իր մօտ փութացողները։ Օծման ու վերաբացման արարողութենէ ետք Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցանեց Գերապայծառ Տէրը, առընթերակայութեամբ Մխիթարեան Միաբանութեան Իսթանպուլի Վանատան Հայրեր՝ Գերյ. Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէնի եւ Գերյ. Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշն. Տ. Յակոբ Աւ. Սարկաւագ Մինասեանի գլխաւորութեամբ գեղաձայն սարկաւագներ ու դպիրներ։ Իսկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Յովնան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ երգչախումբին կողմէ։
Արարողութեան վարժարանէն ներկայ էին հիմնադրի ներկայացուցիչ Դոկտ. Սարգիս Սիրոբ, ատենապետ Ռաֆայէլ Ժոզէֆ Ալիքի գլխաւորութեամբ Մատակարար Մարմինը, տնօրէնութիւնը, Ծնողաց Միութիւնը, ուսուցչաց կազմը, ատենապետ Արսէն Գովանի գլխաւորութեամբ Մխիթարեան Սանուց Միութենէ ներկայացուցիչներ, նաեւ միջնակարգի եւ լիկէոնի աշակերտութիւնը։ Ս. Յակոբ հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ գործակիցները, նախկին շրջաններու հիմնադրի ներկայացուցիչներ Սերովբէ Չուպուքեարեան եւ Ռազմիկ Մեզիրճեան, մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ հոծ թիւով հաւատացեալներ եւս հետեւեցան արարողութեան։
Օրուան քարոզը խօսեցաւ Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան, որ իբր բնաբան ընտրած էր օրուան Աւետարանը։ Ղուկասու Աւետարանի այս բաժնին մէջ ժողովրդապետին աղջիկը մահացած է։ Բայց Յիսուս կ'ըսէ թէ չէ մեռած, այլ կը քնանայ, մինչդեռ տունինները ճիշդ հակառակը կը պնդեն։ Յիսուս կը բռնէ աղջկան ձեռքը, կը հրամայէ եւ անոր հոգին կը վերադառնայ։ Գերապայծառ Տէրը այս դրուագը կապեց օրուան խորհուրդին եւ ըսաւ թէ մեր եկեղեցին ալ չէ մեռած, ընդհակառակը վերանորոգուած ու աւելի զօրացած, ամուր դարձած, ողջնցած է։ Գերապայծառ Տէրը յայտնեց նաեւ իր գոհունակութիւնը ի տես եկեղեցւոյ մէջ ներկայ վարժարանի պատասխանատուներու, երէց սերունդի ներկայացուցիչներու եւ մանաւանդ մեծ թիւով աշակերտներու։ Տ. Վարդան տղոց յորդորեց առաւօտները, նախքան դպրոց մուտք գործելը, նոյնիսկ եթէ մէկ վայրկեանի համար, մտնել եկեղեցի եւ աղօթել։ «Ուզէք հաւատացէք, ուզէք մի՛ հաւատաք, բայց անպայման եկեղեցի մտէ՛ք։ Այսպէս՝ պիտի ստանաք Տիրոջ շնորհները ու նաեւ ձեր վրայէն անպակաս պիտի ըլլայ Մխիթար Աբբահօր բարեխօսութիւնը» ըսաւ Գերապայծառ Տէրը։ Իր խօսքն ուղղելով նաեւ բոլոր ներկաներուն Տ. Վարդան «Գործածեցէ՛ք այս եկեղեցին» ըսաւ եւ շնորհաւորեց Մխիթարեան ընտանիքին այս կարեւոր օրը։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ պաշտօն եկեղեցւոյ եւ վարժարանի հանգուցեալ սպասաւորաց, բարերարաց եւ համայն սատարողաց հոգւոցն ի հանգիստ։ Ամբողջ եկեղեցիէն առ Աստուած աղօթք բարձրացաւ դէպի յաւերժութիւն մեկնած հոգելոյս Մխիթարեան Հայրերու, նախկին տնօրէններու, կրթական մշակներու, վարչայիններու, սաներու եւ սպասաւորներու համար։
Կրօնական արարողութեան յաջորդեց ընդունելութիւն մը վարժարանին սեղանատան մէջ։ Հին ու նոր Մխիթարեան սաներ եւ Մխիթարեանի համակիրներ բոլորուեցան նախաճաշի սեղաններու շուրջ եւ առիթն ունեցան իրարու հետ զրուցելու հին օրերէն, նոր օրերէն։ Անոնք վերաթարմացուցին իրենց դպրոցական յիշատակները։ Ընթացքին՝ ներկաներու ուղղեալ հակիրճ ուղերձով մը հանդէս եկաւ Գերյ. Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, որ բոլորին հետ բաժնեց այսպիսի հոծ բազմութիւն մը իր դէմը տեսած ըլլալու առթած ուրախութիւնը։ «Եկեղեցին արդէն այս մէկն է, մէկ սիրտ դարձած հաւատացեալներու այս հաւաքոյթն է», ըսաւ վարդապետը եւ շնորհաւորեց բոլորը։ Հ. Յակովբոս շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք թէ՛ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս սատարեցին եկեղեցւոյ եւ վարժարանին։ Վարդապետը մասնաւորաբար շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Յակոբ հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպային, որուն նիւթական անուրանալի ներդրումին շնորհիւ է որ մեծաւ մասամբ կատարուած էին եկեղեցւոյ վերջին վերանորոգման աշխատանքները։ Այս առթիւ վարդապետը յուշանուէր մը յանձնեց Պեռնար Սարըպային։ Վարդապետը չմոռցաւ նաեւ երախտագիտութեամբ յիշել հայաստանցի այն արուեստագէտները, որոնց բծախնդիր ու խղճամիտ աշխատանքին արդիւնքն էին եկեղեցւոյ բարեզարդեալ դիմագիծը եւ ի մասնաւորի իւղաներկ պաստառներուն վերականգնումը։
Դժբախտաբար արուեստագէտ վարպետները կը բացակայէին, մեկնած ըլլալով իրենց հայրենիքը՝ Հայաստան։ Վարդապետը իր խօսքերուն աւարտին ներկաներէն խնդրեց խոշոր ծափահարութիւն մը բոլորին համար։ Ի հարկէ վարժարանին սեղանատունը թնդաց ծափերու տարափին ներքեւ։
Այսպէս՝ Բանկալթի Մխիթարեան Վարժարանի 200ամեակի այս պանծալի հանգրուանին՝ ինչպէս վարժարանը, նոյնպէս վարժարանի յարակից Անարատ Յղութիւն եկեղեցին ի հիմանէ վերանորոգուած եւ նոր շունչ ստացած պատրաստ է սիրով ծառայելու ազգիս սիրեցեալ զաւակներուն ու հաւատացեալներուն։