image

Ի՞նչը կը խանգարէ «Սրբազան պայքար» շարժման. Բագրատ սրբազանը` տեղեկատուական դաշտի մասին

Ի՞նչը կը խանգարէ «Սրբազան պայքար» շարժման. Բագրատ սրբազանը` տեղեկատուական դաշտի մասին

«Սրբազան պայքար»–ին կը խանգարէ մէկ բան`հասարակութիւնն անընդհատ կ՚ենթարկուի տեղեկատուական ահաբեկութեան։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազանը` խօսելով այն մասին, թէ ինչու իր գլխաւորած շարժումը յաջողութիւն չի գրանցեր:

Նշենք, որ սրբազանն Ազգային ժողով եկած էր` մասնակցելու «Հայաստանի Անկախութեան մասին հռչակագրի անժամանցելի արդիականութեան մասին» Ազգային Ժողովի յայտարարութեան նախագիծի լսումներուն։

«Ոչ մէկը չի խանգարում, որ շարժումը յաջողութեան հասնի։ Խանգարում է մէկ բան, որ ամբողջ մեր ժամանակահատուածում հասարակութիւնը ենթարկուած է տեղեկատուական ահաբեկութեան։ Ստի, զրպարտանքի, խարդաւանքների այն ահռելի ծաւալը, որ լցուած է դաշտ, եւ ոչ միայն այսօր... բայց դա մի դրուագ է այն ողջ թշուառութեան, որ կոչւում է պետական կառավարման համակարգ: Մենք շատ յաճախ ուշադրութիւն չենք դարձնում կառավարութեան նիստերին, թէ ինչպէս են վարւում այնտեղ, ինչեր են քննարկում, ինչ են խօսում: Իրենց ներքին միութեան սիւները երկուսն են՝ փող եւ իշխանութիւն: Իշխանութիւնն իրենց համար էլ ոչ թէ պատասխանատւութիւն է, այլ հաճոյքներ»,–ըսած է ան:

Յիշեցնենք` Բագրատ սրբազանն ապրիլէն աշխուժ գործունէութիւն կ՚իրականացնէր Տաւուշի մարզի մէջ, ապա Երեւանի ու ՀՀ տարբեր մարզերու մէջ` բողոքի ցոյցեր, երթեր, համախոհներու հետ հանդիպումներ`պահանջելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Հաւաքներու աշխուժութիւնը նուազեցաւ Ազգային Ժողովի շէնքի մօտ յունիս 12-ին տեղի ունեցած բախումներէն ետք։

Որոշակի դադարէ ետք սեպտեմբեր 22-ին «Սրբազան պայքար» շարժումը հաւաք կատարեց Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ։ Յաջորդ հանրահաւաքն եղաւ հոկտեմբեր 2-ին Հանրապետութեան հրապարակի մէջ։ Այդ օրը Բագրատ սրբազանը յայտարարեց, որ պայքարը պիտի շարունակեն այնքան ժամանակ, քանի դեռ Փաշինեանին իշխանութենէն չեն հեռացուցած։ Նոյն օրը հանրահաւաքէն ետք ան Հանրային հեռուստաընկերութիւն գնաց եւ ուղիղ եթերով դիմեց գործարարներուն եւ Փաշինեանին։