Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի՝ Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած, սակայն աւելի ուշ յետաձգուած բանակցութիւններուն:
Գերատեսչութեան խօսնակ Մեթիու Միլըր ճեպազրոյցին հերքած է լրագրողի ենթադրութիւնն առ այն, որ յետաձգումը կապուած է հայ-ատրպէյճանական բանակցային գործընթացին մէջ առկայ տարաձայնութիւններու հետ:
«Այդ 100 տոկոսով պայմանաւորուած էր ժամանակացոյցի հետ կապուած խնդիրներով: Մենք անհամբեր կը սպասենք Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններու եւս մէկ փուլ ընդունելուն, քանի որ կողմերը կը շարունակեն խաղաղ երկխօսութիւնը Հարաւային Կովկասի համար: Ինչպէս նախապէս ըսած ենք, մենք կը կարծենք, որ ուղիղ երկխօսութիւնը առանցքային է եղած խնդիրներու լուծման համար։ Մենք կը կարծենք, որ համաձայնութիւնը մօտ է: Հանդիպումը, ցաւօք, տեղի չունեցաւ 100 տոկոսով ժամանակացոյցի հետ կապուած խնդիրներու պատճառով, բայց մենք անհամբեր կը սպասենք, որ այն հնարաւորինս շուտ մէկ այլ ամսաթիւ կը տեղափոխենք», -ըսած է Միլըր:
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը 12 յունիսին պէտք է բանակցութիւններ վարեն Ուաշինկթընի մէջ: