Հանրապետութեան տարածքին Փետրուար ամսուայ օդի ջերմաստիճանը միջինը կը կազմէ -5…-8⁰C, որ 1⁰C-ով բարձր է Յունուարի միջին ջերմաստիճանէն:
Առաջին տասնօրեակը կը բնորոշուի աւելի ցած ջերմաստիճաններով, այնուհետեւ ջերմաստիճանը աստիճանաբար կը բարձրանայ:
Սովորաբար Փետրուարը Յունուարէն տաք է, սակայն տարիներու 15-20%-ի պարագային միջին ամսական ջերմաստիճանը Փետրուարին Յունուարէն ցած եղած է:
Հանրապետութեան տարածքին հիմնականին մէջ կը դիտուի ձիւն, սակայն հովտային շրջաններուն մէջ տարիներու 20%-ի պարագային դիտուած է անձրեւ:
Այդ շրջաններուն մէջ Փետրուարին ձնածածկը կը կազմէ 8-14 օր: Անոր բարձրութիւնը չի գերազանցեր 7սմ-ը, կը դիտուին տարիներ, երբ ձիւնը կը վերանայ Փետրուարի առաջին տասնօրեակին: Հովտային շրջաններու մէջ առանձին պարագաներու կայուն ձնածածկ բոլորովին չի յառաջանար:
Մառախուղով օրերու թիւը Փետրուարին միջինը կը դիտուի 1-8 օր: Մառախուղներ կը դիտուին հիմնականին մէջ լեռնանցքներու եւ ցածրադիր վայրերու մէջ:
Փետրուարը Յունուարին համեմատ աւելի քամոտ է, զգալիօրէն կը քիչնայ անդորր օրերու քանակը:
Երեւանի մէջ օդի միջին ամսական ջերմաստիճանը կը կանխատեսուի 0…-2⁰C:
◼️ Արարատի, Արմաւիրի մարզերուն, Արագածոտնի եւ Կոտայքի նախալեռնային շրջաններուն մէջ օդի միջին ամսական ջերմաստիճանը կը կանխատեսուի 0…-2⁰C:
◼️ Շիրակի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն, Արագածոտնի եւ Կոտայքի լեռնային շրջաններուն մէջ` -6…-8⁰C:
◼️ Լոռու մարզիին մէջ` -2…-4⁰C, Տաւուշի մարզին մէջ` -1…+1⁰C:
◼️ Վայոց Ձորի նախալեռնային շրջաններուն մէջ օդի միջին տարեկան ջերմաստիճանը կը կանխատեսուի 0…-2⁰C, լեռնային շրջաններուն մէջ` -6…-8⁰C:
◼️ Սիւնիքի հովտային շրջաններուն մէջ +2…+3⁰C, նախալեռնային շրջաններուն մէջ` -2…-4⁰C:
◼️ Արցախի հովտային շրջաններուն մէջ կը կանխատեսուի +2…+3⁰C, նախալեռնային շրջաններուն մէջ` 0…-2⁰C: