Օրուայ գլխաւոր բանախօսը եղաւ ՀՅԴ ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Բագրատունին։
Ան իր խօսքին մէջ մէջբերելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի վերջերս արտայայտած միտքը նշեց, որ իրենց համար կարեւորագոյն օրակարգ կը շարունակէ մնալ այն, որ մերժելի պիտի մնան բոլոր անոնք, որ պատահականօրէն հրապարակ ելած են եւ կը փորձեն ներկայանալ, որպէս լիբանանահայութեան պաշտպաններ, նշելով նաեւ, որ ինչ ալ ըլլան պայմանները , անհնար է, որ Լիբանանի հայութեան հաւաքական եսը ծունկի գան։
Լիբանանի մէջ յառաջիկայ մայիսին կայանալիք ընտրութիւններու ծիրէն ներս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը ժողովրդային հաւաքի մը ընթացքին հանրութեան ներկայացուցած է Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ իր որդեգրած թեկնածուները։
Այս մասին մանրամասնօրէն անդրադարձած է Պէյրութի «Ազդակ»ը նշելով նաեւ, որ միջոցառումը առաջինը կը համարուի ընտրութիւններու այս փուլին։
Յիշեցնենք, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի որդեգրած թեկնածուներն են ՝ Յակոբ Բագրատունի (Մեթն), Յակոբ Թերզեան, Ալեքսանտր Մաթոսեան եւ Սերժ Մելքոնեան (Պէյրութ Ա.) եւ Ճորճ Պուչիքեան (Զահլէ):
Նշենք նաեւ, որ հանդիսութեան ընթացքին խօսքերով հանդէս եկան Քրիստ եւ Գէորգ Եագուպեան, իսկ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, հանրային կապերու պատասխանատու Յակոբ Հաւաթեան նոյնպէս յաւուր պատշաճի խօսք մը արտասանեց։
Օրուայ գլխաւոր բանախօսը եղաւ ՀՅԴ ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Բագրատունին։
Ան իր խօսքին մէջ մէջբերելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի վերջերս արտայայտած միտքը նշեց, որ իրենց համար կարեւորագոյն օրակար կը շարունակէ մնալ այն, որ մերժելի պիտի մնան բոլոր անոնք, որ պատահականօրէն հրապարակ ելած են եւ կը փորձեն ներկայանալ, որպէս լիբանանահայութեան պաշտպաններ, նշելով նաեւ, որ ինչ ալ ըլլան պայմանները , անհնար է, որ Լիբանանի հայութեան հաւաքական եսը ծունկի գան։
Այսօր Երեկոյեան Պէյրութի Պուրճ Համուտ հայահոծ թաղամասին մէջ ՀՅԴաշնակցութիւնը ներկայաուց յառաջիկայ մայիսին կայանալիք Խորհրդարանական ընտրութիւններու իր թեկնածուները գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի.
— arevelk.am (@arevelk1) April 20, 2022
@arevelk1 pic.twitter.com/q1Vjm3K0aq
«հայու հոգին պիտի յաղթէ»
Բագրատունի այս առումով մասնաւորապէս ըսաւ ՝«Ուստի մենք որոշած ենք միասին յաղթել` ընտրելով անոնք, որոնք իրաւամբ կը ներկայացնեն Լիբանանի հայութիւնը: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Արամ Ա. վեհափառ ըսաւ. «Անընդունելի է հայու անունը կամ անձնագիրը շահագործել ընտրութիւններուն մասնակցելու համար: Այս մէկը տարօրինակ եւ մերժելի երեւոյթ է: Մեզի համար ընդունելի չէ, որ պատահական անձեր հայ համայնքը ներկայացնեն Լիբանանի խորհրդարանին մէջ։Մենք ձե՛զ կը ներկայացնենք եւ պատահական անձեր չենք վստահաբար: Դո՛ւք որոշեցէք: 25 օր ետք դո՛ւք պիտի ճշդէք մեր բոլորին ճակատագիրը: Դէպի աշխատանք: 25 օր եւ տեւաբար, ինչպէս երէկ, այսօր եւ վաղը: Մի՛շտ միասին: Լիբանանի եւ հայութեան համար: Պատի՛ւ ձեզի: Ձեր խիղճը գերադաս է անձնական շահերէն: Մայիս 15-ին դո՛ւք պիտի յաղթէք: Ճիշդն ու իրաւը պիտի յաղթեն: Հայուն հոգին պիտի յաղթէ»։
Նիւթը ՝«Արեւելք»ի
Օգտուած ենք «Ազդակ»էն։
Լուսանկարները՝ «Սթիւտիո Ալէքս»ի