Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի տարածքի ռմբակոծումին ձայները ամէնուր են: Լիբանանի մէջ պատերազմական իրավիճակ է: Այս մասին հայրենի «Հետք» համացանցային թերթի հետ զրոյցին ընթացքին նշեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին:
Հարցազրոյցէն կէս ժամ առաջ Իսրայէլը ռմբակոծած էր Պէյրութի Հարաւային արուարձանները: Մարդիկ մնայուն անհանգստութեան մէջ են: Հարցազրոյցի ընթացքին Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ Իսրայէլը կը ռմբակոծէ Լիբանանի հետ սահմանէն մինչեւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններ ինկած տարածքները, նոյնիսկ` մայրաքաղաքի սիրտը նկատուող շրջանները, Պեքաայի եւ Պաալպեքի նահանգները: Այդ պատճառով ալ շուրջ 1 միլիոն մարդ թիրախաւորուած բնակավայրերէն տեղափոխուած է աւելի քիչ վտանգաւոր շրջաններ: Ըստ երեսփոխան Բագրատունիի, այսօր Լիբանանի մէջ չկայ լիովին ապահով տարածք:
Յակոբ Բագրատունի նշեց, որ հակառակ անոր, որ Իսրայէլը կը յայտարարէ, թէ իբրեւ թէ իր թիրախը ռազմական կառոյցներն են, սակայն իրականութիւնը այլ է: «Իրականութիւնը այն է, որ ամբողջական պատերազմ է` քանդել այն, ինչ որ կանգուն է, ու առաւելագոյն չափով ներքին անհաւասարակշռութիւն ստեղծել Լիբանանի մէջ», նկատել տուաւ Բագրատունի:
Բագրատունի ըսաւ, որ Իսրայէլ կը կիրարկէ տարբեր տեսակի զէնքեր` անօդաչու թռչող սարքեր, «Էֆ-35» օդանաւեր, ռազմանաւեր եւ հրթիռներ: 2 հոկտեմբերին, օրինակ, իսրայէլեան բանակը սահմանային ներթափանցման փորձ կատարած է, բայց մեծ վնասներով ետ քաշուած է` տալով մարդկային եւ զինուորական սարքաւորումներու կորուստներ: Իսկ այդ օր կէս գիշերէն սկսեալ ռազմանաւերէն հարուածներ հասցուած են Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն:
«Իսրայէլի համար պատրուակը կարեւոր չէ, որեւէ ձեւով կրնայ պատրուակ գտնել: Նոյնիսկ թիրախաւորած էին Պէյրութէն հեռու գտնուող քրիստոնէական գիւղեր, ուր իբրեւ թէ կը գտնուէր Հըզպալլայի ղեկավարներէն մէկուն ընտանիքը», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի եւ աւելցուց, որ միջազգային հանրութեան կողմէ չկան նշանակալից նախաձեռնութիւններ, միայն քաղաքական յայտարարութիւններ են: «Իսրայէլ ամենաթողութեան վիճակի մէջ է: Իսրայէլի կատարածին թէ՛ Միացեալ Նահանգները, թէ՛ արեւմտեան աշխարհը ոչ միայն ըմբռնումով կը մօտենան, այլեւ իրաւունք կու տան` ըսելով, թէ անոր ըրածը ինքնապաշտպանութիւն է», նկատել տուաւ Բագրատունի, ապա աւելցուց. «Մեր մտավախութիւնը այն է, որ այս պատերազմը տարածուի ամբողջ շրջանին մէջ»:
Երեսփոխան Բագրատունի նաեւ ըսաւ, որ Լիբանանի հայկական շրջանները առանձնապէս թիրախաւորուած չեն, մարդկային կորուստներ չկան: «Բայց, ի վերջոյ, մենք ալ Լիբանանի մէջ ենք, ու երբ կը ռմբակոծեն Պէյրութի հարաւային կամ այլ շրջանները, հայաբնակ շրջանները կը դղրդան», յայտնեց ան: Ներքին տեղահանուածներու հոսք կայ նաեւ դէպի Այնճար հայաւան, ուր հայերը անհրաժեշտ օգնութիւն ցուցաբերած են մարդոց:
Յակոբ Բագրատունի նկատել տուաւ, որ բարեգործական օգնութիւն տրամադրելու վերաբերեալ համապատասխան կառոյցներու ներկայացուցիչներու ժողով գումարուած է 2 հոկտեմբերին, եւ դեղատուներուն կոչ ուղղած են օգնելու Պուրճ Համուտի մէջ ապաստանած մարդոց: 2 հոկտեմբերին ժողով գումարած են նաեւ Լիբանանի մէջ գործող հայ քաղաքական կուսակցութիւնները. օրակարգային հարցը այն էր, թէ իրենք ի՛նչ կրնան ընել նման արտակարգ իրավիճակներու մէջ:
«Սա նախ եւ առաջ մարդասիրական խնդիր է. այն, ինչ որ կը տեսնէք Կազայի մէջ, ատոր մէկ տարբերակն ալ Լիբանանի մէջ է այսօր», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի:
Տնտեսապէս առանց այդ ալ վատ վիճակի մէջ գտնուող եւ թուլացած Լիբանանի մէջ պատերազմի ներկայ ալիքը տնտեսական նոր մարտահրաւէրներու դուռ կը բանայ: «Անցնող տարիներուն տնտեսապէս շատ վատ կացութեան մէջ էինք: Այսօր, երբ 1 միլիոն գաղթական տեղափոխուած է, Լիբանանի ենթակառուցուածքները պատրաստ չեն նման իրավիճակը դիմակայելու: Մարդոց գործատեղիները քանդուած են, առօրեայ առեւտուրը նուազած է, գիները բարձրացած են: Չմոռնանք, որ չարաշահումներն ու փտածութիւնը իրենց դերը կը խաղան այս կացութեան սաստկացման մէջ», ընդգծեց Յակոբ Բագրատունի:
Ան նաեւ նշեց, որ գրեթէ ամէն օր կապի մէջ են Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան հետ: Խօսակցութիւններ կային Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու` Հայաստան տարհանման մասին, բայց նման որոշում առայժմ չկայ: «Անհանգստութիւն կայ, թէ վերջը ի՛նչ պիտի ըլլայ, սակայն երկրէն դուրս գալու տրամադրութիւնները զգալի չեն», շեշտեց Բագրատունի:
Բագրատունի եզրափակեց ըսելով, որ Լիբանանէն հայերու դուրս գալու պարագային միակ ուղղութիւնը պէտք է ըլլայ Հայաստանը, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններէն ալ ակնկալիքը այն է, որ համապատասխան ձեւով ընդունին հայրենակիցները եւ անոնց համար ստեղծեն արժանապատիւ պայմաններ, որպէսզի այդ մարդիկ հայրենիքի մէջ իրենք զիրենք գաղթական չզգան: