«Արեւելք»՝ Գահիրէէն տեղեկացաւ որ Դեկտեմբերի 26-ին, Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպան Հրաչեայ Փօլատեան ընդունած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Հայ դատի, «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան, Հայկական Կարմիր Խաչի եւ ՀՄԸՄ Արարատի ներկայացուցիչները:
Աւելի ուշ ալ 9 Յունուարին դեսպան Փօլատեան ընդունած է Ռազկավար Ազատական Կուսակցութեան, Կոկանեան ակումբի եւ «Արեւ» օրաթերթի ներկայացուցիչները:
Այս մասին մասնաւորապէս գրած է Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպանատան դիմատետրի էջը, ուրկէ մասնաւորապէս կը կարդանք՝ «Հանդիպումներու ընթացքին, հայկական համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչները շնորհաւորած են դեսպանին՝ նշանակման կապակցութեամբ, քննարկուած են Հայաստան – եգիպտահայ համայնք համագործակցութեան հեռանկարներ, ինչպէս նաեւ համայնքին վերաբերող շարք մը յուզող հարցեր: Հանդիպումները անցած են ջերմ եւ գործնական մթնոլորտի մէջ»: