image

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը այցելեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով զոհուած հայորդիներու ընտանիքներուն

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը այցելեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով զոհուած հայորդիներու ընտանիքներուն

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը այցելեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով զոհուած հայորդիներու ընտանիքներուն: Այս մասին կ՚իմանանք ՀՅԴ  պաշտօնական կայքէջէն, որ մասնաւորապէս  կը գրուի, թէ «Շաբաթ, 19 դեկտեմբերին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին, այցելեց 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով զոհուած լիբանանահայերու ընտանիքներուն` ՀՅԴ Բիւրոյի զօրակցական եւ ցաւակցական խօսքը ուղղելու անոնց:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ծանօթացաւ Մար Մըխայէլի եւ ընդհանրապէս Պէյրութի մէջ տեղի ունեցող վերաշինութեան աշխատանքներուն: Այցելեց կարգ մը հայկական բնակարաններ:

Երէկ` կիրակի, 20 դեկտեմբերին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին, այցելեց Արագածի շրջան, ուր ծանօթացաւ շրջանի ընկերային կարիքներու բաւարարման ուղղուած ծրագիրներու գործադրութեան:

Նոյն օրը, կիրակի կէսօրին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին, մասնակցեցաւ ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբին մէջ տեղի ունեցած` Շուշիի պաշտպանութեան մարտերուն ընթացքին նահատակուած ՀՅԴ-ի անդամներ Յարութ Բանոյեանի, Յակոբ Ասթարճեանի եւ Մոսիկ Սեքլեմեանի քառասունքին առիթով կազմակերպուած յիշատակի հաւաքին: